ՍՔԱՆՉԵԼԱԽՈՐՀՈՒՐԴ ԱՒԵՏԻՍ
Երէկ, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին աւանդական շուքով ու մեծ հանդիսաւորութեամբ նշեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Սուրբ Յարութեան տօնը։ Տաղաւարը վերանորոգեց Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ աշխարհացրիւ հաւատացեալ զաւակները՝ յոյսի ճանապարհին վրայ։ Բոլորը տօնական աւետիսով զիրար ողջունեցին՝ ջերմօրէն ու եղբայրական զգացումներով։ Տաղաւարի խորհուրդը վերանորոգեց նաեւ համայն հայութեան հոգեւոր միասնականութիւնը։
Սուրբ Զատկի առթիւ այս տարի եւս բոլորին ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի տաղաւարի պատգամին վրայ։ Երէկ առաւօտ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը պատարագեց Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, ուր հազարաւոր հաւատացեալներ հետեւեցան հայրապետական մեծահանդէս Սուրբ Պատարագին։ Սրբազան երգեցողութիւնը այնքան խորհրդաւոր եւ տպաւորիչ ձեւով կատարուեցաւ Մայր տաճարի երգչախումբին կողմէ։ Զանգակներու զուարթ ղօղանջին ներքեւ, Նորին Սրբութիւնը ծանրաշուք թափօրով տաճար առաջնորդուեցաւ՝ հայրապետական լրիւ հանդերձանքի մէջ։ Ս. Պատարագի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետին առընթերակայ էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի արարողակարգի բաժնի պատասխանատու Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան եւ Արցախի թեմակալ առաջնորդ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեան։
Տաղաւարի Ս. Պատարագը ուղիղ եթերով հեռարձակուեցաւ Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութեան կողմէ, ինչ որ առիթ հանդիսացաւ ամբողջ աշխարհի հայութեան այդ նուիրական պահերուն հաղորդ ու մասնակից դառնալուն։ Ս. Զատկի հոգեպարար շարականներու երգեցողութեան եւ բարձր տրամադրութեան պայմաններուն ներքեւ Նորին Սրբութիւնը աշխարհացրիւ իր հօտին ուղղեց տաղաւարի հայրապետական պատգամը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։
ՊԱՏԳԱՄ
Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. ամէն։
«Զսուրբ եւ զհրաշալի եւ զյաղթող
զյարութիւնդ Քո օրհնեմք եւ փառաւորեմք»
(Ժամագիրք):
Սիրելի բարեպաշտ հաւատացեալներ,
Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Յարութեան աւետիսը այսօր կը հնչէ մեր եկեղեցիներու սուրբ խորաններէն։ Սքանչելախորհուրդ աւետիսը յոյսով ու հոգենորոգ զգացումներով կը պարուրէ հայրենիքի ու ազգային կեանքի ցաւերով ու կորուստներով դառնացած մեր սրտերը։ Կեանքը յաղթանակած է, մահը պարտուած ու խորտակուած։ Հաւատքով ու առ Աստուած ապաւինութեամբ միասնաբար օրհնաբանենք Տէրը ժամասացի խօսքերով. «Սուրբ եւ հրաշալի եւ յաղթող Քո Յարութիւնը կ՚օրհնենք եւ կը փառաւորուինք»։
Քրիստոս մարդկութիւնը Իր Յարութեամբ ազատեց չարի իշխանութենէն, ցոյց տուաւ ներման եւ սիրոյ ճանապարհը, հաշտութիւն հաստատել մարդու եւ Աստուծոյ միջեւ եւ ընծայել յաւիտենական կեանքի յոյսն ու շնորհը։ Աստուածորդիի ողորմածութեամբ կեանքի արշալոյսը տարածուեցաւ մահուան խաւարի վրայ։ Կենարար խաչը, որու վրայ հեղուեց Տիրոջ Սուրբ Արիւնը, մահուան հանդէպ յաղթութեան նշան դարձած է, Յարութեան հաւատը՝ չարը պարտութեան մատնելու երկնապարգեւ ուժ։
Այո, սիրելիներ, յաղթող է, սուրբ եւ հրաշալի Քրիստոսի Յարութիւնը։ Աշխարհի յարափոփոխ իրադարձութիւններու եւ յատկապէս՝ բարդ ու դժուարին իրավիճակներու մէջ Յարութեան շնորհներով հաւատացեալները կը զօրանան՝ վերյառնելու փորձութիւններէն, մերժելու կորստաբեր եւոյթներն ու կործանարար մտածումներն ու գործերը, յաղթահարելու աղէտաբեր պատերազմներու արհաւիրքները, նորոգուելու Տիրոջմով, ինչպէս որ Սուրբ Գիրքը կը վկայէ. «Եթէ մէկը Քրիստոսի մէջ է, ան նոր արարած է» (Բ Կորնթ. 5.17)։
Համայն մարդկութեան այսօր ալ կը հնչէ հրաւէրը առաջնորդուելու աստուածադիր պատուիրաններով, մահուան յանդիման կերտելու կեանքի յաղթանակը, անվեհեր պաշտպանը ըլլալու ճշմարտութեան ու արդարութեան եւ առանց Աստուծոյ մեռեալ գոյութիւնը փոխարինելու Տիրոջ հետ յարուցեալ կեանքի։ Այս կոչին ականջալուր, «վասն հաւատոյ, վասն հայրենեաց» սրբազան ուխտով միաբանուած՝ պատմութեան հոլովոյթներուն մէջ դիմակայած ենք բազում դժուարութիւններու ու փորձութիւններու։ Յարութեան հաւատի վկայութիւնը նաեւ մեր օրերուն կը հռչակէ հաւատարմութիւնը մեր ժողովուրդի դաւանանքի եւ ազգային սրբազան արժէքներուն նկատմամբ, որոնք դարեր շարունակ երաշխիքը եղած են հայոց ազգի ինքնութեան ու լինելութեան, դպրութեան ու գիտութեան զարգացման։ Հարկ է այս արժէքներով սերունդներ կրթել եւ անաղարտ ու անկորուստ պահպանել մարդկութեան գիտամշակութային գանձարանը հարստացուցած մեր նախնեաց աւանդներն ու ժառանգութիւնը։
Սիրելի բարեպաշտ զաւակներ ի Հայաստան եւ ի սփիւռս, Տիրոջ Սուրբ եւ Հրաշափառ Յարութիւնը գօտեպնդող խրախոյս է բոլորիս յոյսով ու արիութեամբ դիմագրաւելու մեր երկրի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները՝ յատկապէս յետպատերազմեան այս ծանր շրջանին, երբ բռնազաւթուած ու հայաթափուած է Արցախը եւ չեն դադրիր Ատրպէյճանի ծաւալապաշտական ու սադրիչ գործողութիւնները նորանոր պահանջներով, որոնք անմիջական սպառնալիքներ կը ստեղծեն մեր պետութեան անվտանգութեան։ Յանցագործ դրսեւորումներով կը շարունակուին Արցախի պատանդառուած քաղաքական ղեկավարութեան եւ ապօրինաբար գերութեան մէջ պահուող մեր զաւակներու նուաստացումները, ինչպէս եւ արցախահայութեան իրաւունքներու անտեսման, Արցախի հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան իւրացման ու ոչնչացման անթաքոյց քաղաքականութիւնը։ Դատապարտելի այս իրողութիւններու յանդիման մեր ժողովուրդի սեպուհ պարտքն է յաղթահարել ներազգային տարաձայնութիւններն ու անմիաբանութիւնը, լծուիլ ծանր կորուստներ կրած մեր ազգի վէրքերու ամոքման եւ կարողութիւններու մէկտեղմամբ հայրենիքի հզօրացման։
Յարուցեալ կեանքը, յիրաւի, կը սկսի քրիստոսաւանդ պատգամներով ապրելու վճռականութեամբ, արհաւիրքներէն ու տառապանքներէն դէպի կենսանորոգ ձեռքբերումներ առաջին քայլէն։ Այս գիտակցութիւնը, այս ոգին աննկուն պիտի պահենք մեզմէ, պիտի չընկրկինք մեզ պատուհասած փորձութիւններու դիմաց, պիտի չգործենք պարտուողական հոգեբանութեամբ եւ պիտի չվերածուինք վհատուած ու տկար ազգի՝ վտանգելով մեր հայրենիքի ապագան եւ անկախ պետականութիւնը։ Մեր ընթացքը չի վերջանար մեր մարտիրոսներու ու քաջորդիներու նահատակութեան վայրերուն մէջ եւ ոչ ալ Արցախի մէջ թողուած շիրիմներու մօտ։ Չարի կողմէ մեզի համար փորուած գերեզմանը բոլոր ժամանակներուն թափուր պիտի մնայ, քանզի մենք Քրիստոսի հետ նեղութիւնները յաղթահարող եւ ամէն գողգոթայէն յարութեան հաւատքով յառնող ժողովուրդ ենք։
Արդարեւ, մեր ապագայի վերաբերեալ վճիռը խաւարինն ու մահուանը չէ, այլ կեանքինն ու յարութեան։ Աստուծոյ հետ հզօր հաւատքով, անընկճելի կամքով ու ոգիով վեր կարող է յառնել ոչ միայն անհատը, այլեւ ազգն ու պետութիւնը։ Մեր ժողովուրդի համար ներկայ բարդ պայմաններուն կենսական եւ հրամայական է մեր երկրի հզօրացումը, կենսական է ապրիլ ու գործել անսակարկ հայրենասիրութեամբ ու ազգանուիրումով։ Այս հաստատակամ ընթացքով կարող պիտի ըլլանք կերտելու նոր հորիզոնները մեր պատմութեան եւ վերազարթօնքը պետական, ազգային-եկեղեցական մեր արժանապատիւ կեանքի։ Այսպէս իրականութիւն պիտի ըլլայ առաքեալի բացագանչութիւնը նաեւ մեր ժողովուրդի համար. «Ո՞ւր է, մա՛հ, քո յաղթութիւնը, ո՞ւր է, գերեզման, քո խայթոցը» (Ա Կորնթ. 15.55): Արդ, վառ պահենք մեր սրտերուն առ յարուցեալ Քրիստոս մեր հաւատը, յոյսն ու սէրը, գալիքի բարի ակնկալութիւնը։ Աստուած մեզ կը կոչէ յարութեան, ուստի, թօթափենք մեզմէ երկիւղն ու յուսահատութիւնը, հեռացնենք մեզմէ ատելութիւնն ու թշնամանքը, պիղատոսեան ու յուդայական գործելակերպը, մեր աչքերը յառենք յարուցեալ Փրկչին եւ ընթանանք միայն յարութեան յաղթական ճանապարհով։
Այս մաղթանքով եւ Սուրբ Յարութեան աւետիսով կ՚ողջունենք մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ Նուիրապետական Աթոռներու գահակալները՝ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Արքեպիսկոպոս Մանուկեանը, Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Արքեպիսկոպոս Մաշալեանը, քոյր Եկեղեցիներու հոգեւոր պետերը՝ հայցելով Ամենակալ Աստուծոյ զօրակցութիւնը իրենց առաքելութեան արդիւնաւորման մէջ։ Հայրապետական մեր սէրն ու օրհնութիւնը կը յղենք մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ ողջ հոգեւոր դասուն եւ հաւատաւոր համայն մեր ժողովուրդին ի հայրենիս եւ ի սփիւռս։
Սիրելիներ, Սուրբ եւ Հրաշափառ Յարութեան տօնի այս լուսառատ օրը մեր սրտերէն աղօթք բարձրացնենք առ Ամենակալ Աստուած, որպէսզի աշխարհին պարգեւէ խաղաղութիւն ու բարօրութիւն, Իր ամենախնամ Սուրբ Աջի հովանին տարածեալ պահէ մեր հայրենիքի վրայ եւ օրհնէ ու երկնահեղ շնորհներով պայծառացնէ ազգս հայոց՝ ապրելու ապահով ու անվտանգ կեանքով եւ փառաւորելու Ամենասուրբ Երրորդութիւնը այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս. ամէն։
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց…