ԲԱՐԵԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՅՈՒԶԻՉ ԿԱՐԳ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ այսօր կ՚եզրափակուի Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով քառօրեայ նստաշրջանը, որ գումարուեցաւ՝ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ։ Ժողովներուն առընթեր, Վեհափառ Հայրապետի գլխաւորութեամբ, ԳՀԽ-ի անդամները երէկ այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը։ ԳՀԽ-ի ներկայ նստաշրջանը կը զուգադիպի Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան հռչակման 100-ամեակի յոբելենական շրջանին։
Յուշահամալիրէն ներս Վեհափառ Հայրապետը նախ զետեղեց ծաղկեպսակ մը։ Նորին Սրբութեան հանդիսապետութեամբ աւելի վերջ կատարուեցաւ հայոց սուրբ նահատակներու բարեխօսութեան կարգը։
ԳՀԽ-ի անդամները միեւնոյն ժամանակ հայց բարձրացուցին առ Աստուած՝ հայոց աշխարհի անսասանութեան եւ խաղաղութեան, աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդի բարօր ու ապահով կեանքին համար։
ԳՀԽ-ի անդամները նստաշրջանի ծիրէն ներս, ներկայ յոբելենական շրջանին կը նախատեսեն այցելել նաեւ Սարտարապատի յուշահամալիրը՝ նոյնպէս Վեհափառ Հայրապետի գլխաւորութեամբ։