ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Սրտի ցաւով ու մտահոգութեամբ հետեւեցանք Մայիսի 28-ին, Սարդարապատ այցի ընթացքին Ամենայն Հայոց Հայրապետին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ.-ի եւ եկեղեցականաց դասու դէմ ոստիկաններու կողմէ յուշահամալիրի տարածք մուտք գործելու ժամանակ յարուցուած արգելքներուն եւ անպատկառ ու ամօթալի վարուելակերպին։

Խորապէս մտահոգուած հայրենի մեր երկրի ներկայ եղելութեամբ՝ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակութեան հոգեւորականաց եւ ծխական խորհուրդներու անունով, ի գլուխ ունենալով հայրապետական պատուիրակ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանը, խստագոյնս կը դատապարտենք Հայաստանի Հանրապետութեան ուժային կառոյցներու՝ բռնատիրական վարչախումբի բնորոշ հակաօրինական բիրտ ու բռնի գործողութիւնները, անոնց լկտի ու անպատկառ կեցուածքը՝ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ, իր Գահակալին եւ եկեղեցականաց դասուն դէմ։

Լիայոյս ենք, թէ ուժային կառոյցներու ղեկավարները կը վերանային իրենց գործելաոճն ու վերաբերմունքը հանդէպ Ամենայն Հայոց Հայրապետին, հոգեւորական դասուն եւ անհնազանդութեան խաղաղ ցոյցեր իրականացնող մեր հայրենակիցներուն։

Կ՚աղօթենք, որ Տէրը անսասան ու անվտանգ պահէ Հայաստան մեր երկիրը, վերացնէ մեր մէջէն թշնամութեան ու ատելութեան մթնոլորտը, որպէսզի միասնական ոգիով կարողանանք կերտել խաղաղ, արժանապատիւ ու ապահով կեանք ի Հայրենիք։

ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ

Շաբաթ, Յունիս 1, 2024