ԳԱՆՏԻԼԼԻԻ ՄԷՋ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

Գանտիլլիի Ս. Երկոտասան Առաքելոց եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ տարեկան անուան տօնախմբութիւն՝ նախագահութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեան Սեւան Շէնճանի եւ երգեհոնահարութեամբ Արտէն Գարիպեանի։ Ս. Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։

Երկուշաբթի, Յուլիս 1, 2024