ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒՆ ՔԱՋԱԼԵՐԱՆՔ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Երեւանի «Կլոպալ առաջնորդութեան» ծրագրին մասնակից ուսանողները։ Խումբը գլխաւորեց ՀԲԸՄ-ի սփիւռքի երիտասարդներու գծով տնօրէնուհի Գայիանէ Մանուկեան, որ Վեհափառ Հայրապետին բացատրութիւններ տուաւ նախագծին շուրջ։

Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատեց ՀԲԸՄ-ի կողմէ կեանքի կոչուած նմանատիպ ծրագրերը, որոնց շնորհիւ աշխարհի զանազան երկիրներէն ներս հասակ առած հայ երիտասարդներ հնարաւորութիւն կ՚ունենան Հայաստանի մէջ համախմբուելու, երկրի իրականութեան հաղորդ դառնալու եւ իրենց մասնագիտական փորձառութիւնը հարստացնելու։ Ան համոզուած է, թէ թէեւ Հայաստան մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ, սակայն երիտասարդներու տեսակէտէ նոր ներշնչանքի աղբիւր կը դառնան կեցութեան օրերու տպաւորութիւնները՝ առաւել զօրացած վերադառնալու իրենց բնակավայրերը եւ շարունակելու ազգային կեանքէ ներս առաքելութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետը երիտասարդներուն յորդորեց աշխուժօրէն ներգրաւուիլ հոգեւոր-եկեղեցական կեանքին, ամուր պահել Հայաստանի նկատմամբ սէրը, ձեռք բերուած գիտելիքներով օգտակար հանդիսանալ թէ՛ տեղական համայնքներուն եւ թէ Հայաստանի բարօրութեան։

Հաւաքոյթի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը պատասխանեց նաեւ ներկաներու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին եկեղեցւոյ կրթական ծրագրերուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի առկայ մարտահրաւէրներուն ու անոնց յաղթահարման հեռանկարներուն։

Երկուշաբթի, Յուլիս 1, 2024