ԷՅՈՒՊԻ ՄԷՋ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց Էյուպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան, որու առթիւ հոգեւոր ուրախութեան մթնոլորտ ստեղծուեցաւ պատմական թաղէն ներս։

Օրուան պատարագիչն էր Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Կէտիկփաշայի Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Արտէն Զէյֆիեանի։ Ի ժամ Ս. Պատարագի օրուան պատգամը տուաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։ Ս. Պատարագին յաջորդեց հոգեհանգստեան պաշտօն, որմէ վերջ ալ մատաղի օրհնութիւն տեղի ունեցաւ։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, ատենապետ Սայաթ Մուրատօղլուի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը սիրոյ սեղան մը սարքեց հաւատացեալներուն համար։ Աշխարհիկ հանդիսութիւնը եւս գլխաւորեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որ գնահատեց տեղւոյն թաղային խորհուրդին աշխատանքը։

Երկուշաբթի, Յուլիս 1, 2024