ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայ մարմնամարզական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ) կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեանի կողմէ գլխաւորուած վարչականները։

Հարկ է նշել, որ Հայաստանի մէջ վերջերս տեղի ունեցան Համա-ՀՄԸՄ-ական մարզախաղերը, որոնք 11-րդն էին իրենց տեսակին մէջ։ Վաչէ Նաճարեան այս կապակցութեամբ տեղեկութիւններ փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին՝ շեշտելով, որ սփիւռքէն շուրջ 650 հայ երիտասարդ մասնակցութիւն բերած է Հայաստանի մէջ կազմակերպուած խաղերուն։

Ողջունելով հիւրերուն այցելութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին՝ Նորին Սրբութիւնը արտայայտեց իր գնահատանքը ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նկատմամբ՝ Հայաստանէ ներս նման նախաձեռնութիւն մը կեանքի կոչած ըլլալու բերումով։ Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութիւն յայտնեց նաեւ՝ այս տարի առաջին անգամ իրականացուած «Հրաշք» մարզախաղերուն առընչութեամբ, որոնց մասնակցեցան մտաւոր կամ ֆիզիքական խնդիրներէ տառապող շուրջ 200 երեխաներ կամ պատանիներ։ Վեհափառ Հայրապետը կարեւորեց համահայկական մարզախաղերը, որոնք լաւագոյն հնարաւորութիւնը կ՚ընձեռեն, որպէսզի հայորդիները զիրար ճանչնան, խանդավառուին, լաւատեսութեամբ տոգորուին եւ հայրենասիրութեան ոգիով լեցուին։ Զրոյցի տեւողութեան Վեհափառ Հայրապետը կարեւորեց նաեւ սփիւռքի հանրային կեանքի աշխուժացման ու զարգացման ուղղեալ իւրաքանչիւր նախաձեռնութիւն։

նդամըկարը՝ ակումբէն)թէ Եւրոմիութիւնը կ՚աջակցին կարգաւորման գործընթացին։ բ՝ մանաւանդ, որ մը կնքելու։ եռնային Ղարաբաղի հիմնախնդր

Երկուշաբթի, Օգոստոս 1, 2022