ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԳԵՐՄԱՆԻԱՅԷՆ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջերս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Գերմանիայէն խումբ մը ուխտաւորներ։ Պերլինէն մեկնած այս խումբը կը գլխաւորէին վերապատուելի Անտրէաս Կիւթսէ եւ Փրոֆ. Աուն Իմփոֆի։ Այս առթիւ Նորին Սրբութիւնը օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները փոխանցեց ուխտաւորներուն՝ ողջունելով անոնց այցելութիւնը Հայաստան եւ համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոն՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Նորին Սրբութիւնը հաւատքի կարեւորութեան անդրադարձաւ իր խօսքին մէջ, ինչպէս նաեւ քրիստոնէական հաւատքի դերակատարութեան՝ հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս։ Ան ուխտաւորներուն ներկայացուց նաեւ պատմութեան ընթացքին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ դիմագրաւած մարտահրաւէրները, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ներկայ գործունէութիւնը զանազան ոլորտներէ ներս։ Նորին Սրբութիւնը գոհունակութեամբ աւելցուց, որ Գերմանիոյ զանազան քրիստոնէական եկեղեցիներու ու միջեկեղեցական կառոյցներու եւ Հայոց Եկեղեցւոյ միջեւ ձեւաւորուած կապերու եւ համագործակցութեան շնորհիւ այսօր կ՚իրականացուին շարք մը կրթական եւ ընկերային ծրագրեր։

Վեհափառ Հայրապետը հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարեց Գերմանիոյ հայոց թեմի գործունէութեան, Պերլինի հայ համայնքի կեանքին, նաեւ պատասխանեց ուխտաւորներու զանազան հարցումներուն։

Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետի կողքին էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի վարիչ Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 1, 2019