ՎԱՍՏԱԿԵԱԼ ՀԱՆԳԻՍՏ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տեղեկատուութեան համակարգը երէկ հաղորդեց, որ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրական տնօրինութեամբ՝ այսօրուան դրութեամբ երկարամեայ ծառայութենէն յետոյ վաստակեալ հանգիստի կը կոչուի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արժանթինի եւ Շիլիի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Գիսակ Արք. Մուրատեան։ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան միաբաններէն վաստակեալ Տ. Գիսակ Արք. Մուրատեան երկար տարիներէ ի վեր Պուէնոս Այրէսի առաջնորդարանէն ներս նուիրեալ ծառայութիւն մատուցած էր եւ իր աշխատանքով կարեւոր ներդրում մը ունեցած՝ Հարաւային Ամերիկայի հայութեան ազգային-եկեղեցական կեանքի կենսունակութեան տեսակէտէ։ Այս բոլորէն վերջ ան ներկայիս կը կոչուի հանգստեան։

Վեհափառ Հայրապետին տնօրինութեամբ թեմի առաջնորդական տեղապահ նշանակուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններէն Տ. Առէն Վրդ. Շահէնեան։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2022