ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԷՆ ՆՈՐ ԳԻՐՔ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութեան բաժինը լոյս ընծայեց Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի գիրքը։ Սա հայր սուրբին կողմէ պաշտպանուած վարդապետական թէզի գիրքի ձեւաչափով հրատարակութիւնն է։ Ծրագիրը կեանքի կոչուած է Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ։ «Կ.Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան վանական-դպրեվանական կեանքը» խորագրեալ գործը խմբագրուած է երկու պատմաբանի՝ Աւետիս Յարութիւնեանի եւ Անի Ֆիշէնքճեանի կողմէ։

Այս կապակցութեամբ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ ցայսօր հայ եկեղեցւոյ սրբազան առաքելութեան մաս կը կազմէ ժողովուրդի հոգեւոր կրթութիւնը՝ միջնորդաւորուած հոգեւորականներու պատրաստմամբ։ Այս առաքելութենէն անմասն չեն մնացած նուիրապետական աթոռները՝ ներառեալ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը, որու կողմէ հովանաւորուած վանական ու դպրեվանական կառոյցներու ուսումնասիրութեան կը վերաբերի այս գիրքը։ Աշխատութեան առանձնայատկութիւններէն մին է՝ հաստատութիւնները թեր ու դէմ կողմերու քննութիւնը, համապատասխան եզրակացութիւններով եւ յոյսով ապագայի նայելու տեսլականով։

Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի գիրքը նախատեսուած է ընթերցողներու լայն շրջանակի համար։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 1, 2023