ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ԱՄԵՆ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Ամբողջ հայաշխարհը կը շարունակէ մեծ մտահոգութեամբ հետեւիլ Արցախի իրադարձութիւններուն։ Շուրջ երկու ամիսէ ի վեր Լաչինի միջանցքը փակուած է Ատրպէյճանի կողմէ եւ Լեռնային Ղարաբաղ կը շարունակէ աշխարհէն եւ Հայաստանէն կտրուած մնալ։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ բոլոր հարթութիւններու վրայ կոչեր կը հնչեն, որպէսզի այս մարդասիրական աղէտը ժամ առաջ դադրի՝ առանց աւելի խորանալու։

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանն ալ նոյն հարցին կապակցութեամբ վերջերս հանդիպում մը ունեցաւ Իսրայէլի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Անաթոլի Վիքթորովի հետ։ Այս վերջինը այցելեց Հայոց Սրբոց Յակոբեանց վանքը։ Պատրիարքարանի երդիքին տակ Նորին Ամենապատուութիւնը հիւրընկալեց ռուս դիւանագէտը։

Կը հաղորդուի, որ զրոյցի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը դեսպան Անաթոլի Վիքթորովի նկատառման յանձնեց իր զգայնութիւնները եւ մտահոգութիւնները՝ Արցախի իրադրութեան կապակցութեամբ։ Ան դեսպանէն խնդրեց միջնորդել, որպէսզի իր համապատասխան խնդրանքը փոխանցէ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինին։ Սուրբ Աթոռի գահակալը ռուս ղեկավարէն կ՚ակնկալէ անմիջական միջամտութիւն, որպէսզի շուտափոյթ ձեւով վերաբացուի Լաչինի միջանցքը եւ Արցախը դուրս գայ շրջափակումէն։ Բաց աստի, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Վլատիմիր Փութինի աջակցութիւնը եւ միջամտութիւնը խնդրեց նաեւ՝ Ատրպէյճանի հայ ռազմագերիներու վերադարձուելուն ուղղութեամբ։  

Ուրբաթ, Փետրուար 10, 2023