ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց «Ռենովապիս» բարեգործական կազմակերպութեան գլխաւոր գործադիր տնօրէն տքթ. Հայր Թովմաս Շվարցը։ Զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը արտայայտեց իր գնահատանքը Հայր Թովմաս Շվարցին՝ Հայաստանէ ներս կազմակերպութեան կողմէ իրականացուած բարեգործական ծրագիրներուն համար, որոնք ուղղուած են յատկապէս պատերազմէն տուժած ընտանիքներուն։ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ «Ռենովապիս» բարեգործական կազմակերպութեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միջեւ ձեւաւորուած ջերմ յարաբերութիւններուն եւ բազմամեայ համագործակցութեան։ Ան գոհունակութիւն յայտնեց Հայաստանի համար դժուարին իրավիճակներու մէջ քոյր եկեղեցիներուն կողմէ ցուցաբերուած զօրակցութեան համար։

Զրոյցի տեւողութեան Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի առջեւ ծառացած անվտանգային հիմնախնդիրներուն, Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներու բռնագրաւման եւ շարունակուող բռնութեան։ Իր խօսքով՝ այս բոլորի վկայութիւնն է Լաչինի միջանցքի արգելափակումը, ինչպէս նաեւ օրերս Ատրպէյճանի զինեալներուն կողմէ ներթափանցումով իրականացուած յարձակումը Արցախի ոստիկանութեան աշխատակիցներուն վրայ։ Այս առընչութեամբ Նորին Սրբութիւնը կարեւորեց միջազգային հանրութեան ջանքերը՝ ուղղուած տարածաշրջանէն ներս կայունութեան հաստատման եւ հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու պաշտպանութեան։

Իր կարգին, Հայր Թովմաս Շվարց խօսեցաւ կազմակերպութեան մարդասիրական առաքելութեան մասին։ Ան ընդգծեց, որ մշտապէս զօրակից է կարիքաւորներուն եւ եկեղեցիին։ Միեւնոյն ժամանակ, Շվարց պատրաստակամութիւն յայտնեց շարունակելու համար գործակցութիւնը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հետ։

ՊՐԱԶԻԼԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ԱՅՑԸ

Միւս կողմէ, Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի մօտ Պրազիլիոյ նորանշանակ դեսպան Ֆապիօ Վազ Փիթալուկան։ Զրոյցի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը շնորհաւորեց նորանշանակ դեսպանը՝ մաղթելով արդիւնաւոր առաքելութիւն Հայաստանի մէջ։ Ան կարեւորեց Հայաստան-Պրազիլիա կապերու ամրապնդումը եւ համագործակցութեան ապագայ խթանումը։ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը ուրախութեամբ արձանագրեց, որ Պրազիլիոյ հայ համայնքը կարեւոր ներդրում կ՚ունենայ երկրի յառաջընթացին ու կ՚արժանանայ իշխանութիւններու եւ ժողովուրդի բարեացակամ ու հոգատար վերաբերմունքին։

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ տարածաշրջանի առկայ մարտահրաւէրներուն, Հայաստանի եւ Արցախի առջեւ ծառացած անվտանգային հիմնախնդիրներուն, Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան դէմ Ատրպէյճանի ոտնձգութիւններուն եւ Արցախէ ներս ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին։

Ուրբաթ, Մարտ 10, 2023