ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ աւանդական շուքով տօնախմբեց Ծաղկազարդը։ Տէր Յիսուսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքի յիշատակը տօնախմբուեցաւ մեծահանդէս արարողութիւններով։ Իսթանպուլի մէջ եւս Ծաղկազարդի տօնին առթիւ տեղի ունեցան փայլուն արարողութիւններ։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, մեր համայնքի հաւատացեալներու ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ վրայ։ Սամաթիոյ ընտանիքը հոգեւոր մեծ հրճուանքով մը դիմաւորեց Աւագ շաբթուան խորհրդաւոր շրջանը, մինչ երէկուան մանուկներու օրհնութեան աւանդական կարգը համախմբեց հոծ թիւով հաւատացեալներ։ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ երէկուան մեծահանդէս արարողութիւններուն նախագահեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Ծաղկազարդի Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։ Ս. Սեղա-նին սպասարկեց Խաչիկ Սրկ. Սարըլը, Ալէն Սրկ. Ներկիզ եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Սահակեան Դպրաց Դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սեւան Ակօշեանի։
Յաւարտ արարողութեան ատենապետ Եսայի Տեմիրի կողմէ գլխաւորուած Սամաթիոյ թաղային խորհուրդը Նորին Սրբազնութեան ի պատիւ պահքի սեղան մը սարքեց խորհրդարանին մէջ։ Տօնական բարձր տրամադրութեան մթնոլորտին մէջ անցաւ այս սիրոյ սեղանը, որու ընթացքին հոգեւոր հայերուն եւ Սամաթիոյ ընտանիքի պատասխանատուներուն միջեւ տեղի ունեցաւ անմիջական զրոյց։
Յետմիջօրէին տեղի ունեցան Դռնբացէքի արարողութիւնն ու մանուկներու օրհնութեան կարգը։ Հանդիսադիր Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողքին էին Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան, Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան, Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան եւ Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։ Ձիթենիի ճիւղերով զարդարուած խորանին վրայ Նորին Սրբազնութիւնը շրջապատուեցաւ հոգեւոր հայրերուն, սարկաւագաց ու դպրաց կողմէ, որոնց միացան նաեւ մանուկներ՝ մարմնաւորելով Տիրոջ Երուսաղէմ յաղթական մուտքի պատկերը։ Հոծ թիւով հաւատացեալներ երկիւղածութեամբ հետեւեցան արարողութիւններուն։