ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու «Ֆերահեան» հայկական վարժարանի 11-րդ դասարանի աշակերտներուն հետ։ Քառասուն հոգիէ բաղկացեալ այս աշակերտական խումբը հիւրընկալելու ժամանակ Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ նշեց, որ Սփիւռքի մէջ գործող զանազան հայկական վարժարաններու աւարտական դասարաններու աշակերտներուն այցելութիւնը դէպի Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին դարձած է գեղեցիկ աւանդութիւն մը։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ այս այցը անջնջելի կնիք մը պիտի թողու պատանիներու հոգիին մէջ եւ առիթ պիտի դառնայ, որպէսզի անոնք ներշնչուին եւ զօրանան հայրենիքով ու անոր սրբութիւններով։
Վեհափառ Հայրապետը շրջանաւարտներուն յորդորեց ջանասիրութեամբ շարունակել իրենց ուսումը եւ կեանքի մէջ արձանագրել նորանոր ձեռքբերումներ։ Ան կարեւոր նկատեց, որ հայորդիները ապագային եւս այցելեն Հայաստան ու զօրացնեն անոր նկատմամբ իրենց սէրը։
«Ֆերահեան» վարժարանի տնօրէնուհի Սօսի Շանլեան Նորին Սրբութեան ներկայացուց դպրոցի ուսումնական գործունէութիւնը։
Վերջաւորութեան Նորին Սրբութիւնը դպրոցի աշակերտներուն համար մաղթեց Բարձրեալն Աստուծոյ հովանաւորութիւնն ու առաջնորդութիւնը՝ ի կատար ածել իրենց նպատակներն ու իղձերը եւ ազգային ոգիի բարձր գիտակցութեամբ իրենց գիտելիքները ծառայեցնելու հայրենիքին եւ աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդին։