ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԲԸՄ-Ի ԶԱՆԱԶԱՆ ԾՐԱԳՐԵՐՈՒՆ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) զանազան ծրագրերուն մասնակից սփիւռքահայ երիտասարդներ։ Այսպէս, ՀԲԸՄ-ի «Կլոպալ առաջնորդութեան» եւ «Երաժշտական Հայաստան» ծրագրերուն մասնակից սփիւռքահայ երիտասարդ ուսանողներն ու երաժիշտները ստացան Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը։ Անոնց հետ էին նաեւ ՀԲԸՄ-ի Մոնրէալի սկաուտական խումբի տղաքը։ Նորին Սրբութեան ներկայանալու ժամանակ երիտասարդները գլխաւորեց ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ Հայաստանի մասնաճիւղի նախագահ Վազգէն Եագուպեան։

Հանդիպման սկիզբին Վազգէն Եագուպեան Վեհափառ Հայրապետին տեղեկացուց, որ ՀԲԸՄ-ի ծրագրերու շրջանակէն ներս շուրջ 35 սփիւռքահայ երիտասարդներ Հայաստան կ՚այցելեն՝ հարստացնելու համար իրենց գիտելիքները հայոց լեզուի, հայկական երգարուեստի բնագաւառներէն ներս, մօտէն ծանօթանալու համար հայկական մշակոյթին ու պատմութեան, նաեւ զօրացնելու իրենց կապը Հայաստանի հետ։

Վեհափառ Հայրապետն ալ գնահատեց ՀԲԸՄ-ի այս նախաձեռութիւնը՝ կարեւոր նկատելով սփիւռքի երիտասարդ հայորդիներու Հայաստան այցելութիւնները՝ յատկապէս այս դժուարին օրերուն, երբ անոնք ո՛չ միայն հաղորդ կը դառնան երկրի հոգեւոր ու մշակութային արժէքներուն, այլեւ ականատես կը դառնան առկայ իրավիճակին, Արցախի պարագային ստեղծուած մարդասիրական տագնապին եւ անվտանգային խնդիրներուն։ Վեհափառ Հայրապետը այս առընչութեամբ երիտասարդներուն յորդորեց հայրենասիրական զգացումի նոր լիցքով քաջալերուած վերադառնալ իրենց երկիրները եւ նախանձախնդրօրէն ամէն ջանք ի գործ դնել նպաստելու համար հայ ժողովուրդի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու յաղթահարման։ Ան պատգամեց, որ հայորդիները գիտելիքներով եւ երիտասարդական աւիւնով աջակցին իրենց համայնքներու առաւել զօրացման ու միասնականութեան կերտման՝ ազգային ինքնութիւնը պահպանելու եւ Հայաստանի ի նպաստ օգտաշատ ծառայութիւն բերելու համար։

Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը պատասխանեց նաեւ սփիւռքահայ երիտասարդներու հարցումներուն, որոնք կ՚առընչուէին հայկական համայնքներու, Արցախի եւ Հայաստանի մէջ առկայ դժուարութիւններու յաղթահարման ուղիներուն։

Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց երիտասարդները։

Երկուշաբթի, Յուլիս 10, 2023