ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ

Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Սուրբ Տրդատի բաց խորանին առջեւ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, որու աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Պէյրութի պայթումին հետեւանքով զոհուածներուն համար։ Արարողութեան նախագահեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ Պատարագիչն էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Թանգարաններու եւ արխիւի տնօրէն Տ. Ասողիկ Աբեղայ Կարապետեան։ Ներկայ էին Երեւանի մօտ Լիբանանի դեսպան Մայա Տաղէր, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան անդամ, Հայաստանի ու Միջին Արեւելքի ծրագրերու պատասխանատու Վազգէն Եագուպեան, ազգային բարերար Գաբրիէլ Չեմպերճեան եւ լիբանանահայեր։ Վեհափառ Հայրապետի գլխաւորութեամբ հոգեւորանաց դասն ու ժողովուրդը առ Աստուած աղօթք բարձրացուցին Պէյրութի զոհերու հոգիներու հանգստութեան համար։ Հոգեհանգստեան պաշտօնէն առաջ Նորին Սրբութիւնը ողբերգալի իրադարձութեան կապակցութեամբ վշտակցութեան խօսքով հանդէս եկաւ։ Ան այս առթիւ մասնաւորապէս ըսաւ.

«Այսօր աղօթք կը բարձրացնենք Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած աղիտալի պայթումի հետեւանքով վշտի ու փորձութեան մէջ գտնուող Լիբանանի բարեկամ ժողովուրդին համար՝ առ Երկնաւորը խնդրանօք, որ զօրութիւն պարգեւէ յաղթահարելու կորուստներու ցաւը եւ աւերուածութիւններու ծանր հետեւանքները։ Վշտալի զգացումներով Բարեգութ Տիրոջմէ կը հայցենք խաղաղութիւն ու հանգստութիւն շնորհել զոհուածներուն, ներառեալ նաեւ հայորդիներու հոգիներուն, մխիթարութեամբ սփոփել անոնց հարազատներու ու բոլոր սգացեալներու սրտերը եւ շուտափոյթ ապաքինում պարգեւէ հազարաւոր վիրաւորեալներուն»։

Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, որ Լիբանանը միշտ եղած է բարեկամ երկիր մը հայութեան համար՝ շնորհիւ արաբ ժողովուրդի բարեացակամութեան եւ եղբայրական ոգիին։ Խաղաղ ու ապահով գոյակցութեան բարենպաստ պայմաններուն ներքեւ, իսլամ եւ քրիստոնեայ եղբայրներուն հետ լիբանանահայերը՝ որպէս լիարժէք քաղաքացիներ, կարեւոր ներդրում ունեցան Լիբանանի քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային կեանքին մէջ, երկրի յառաջընթացի եւ զարգացման ուղղութեամբ։ «Մեր երկու ժողովուրդներուն եւ երկիրներու յարաբերութիւնները մշտապէս յատկանշուած են բարեկամութեամբ եւ արադիւնաւոր գործակցութեամբ», ըսաւ ան։

Բաց աստի, իր խօսքի տեւողութեան Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց. «Այսօր Լիբանան կարիքն ունի պետութիւններու ու ժողովուրդներու զօրակցութեան։ Մեր երկիրը նոյնպէս այս օրերուն իր կարելի օգնութիւնը կը ցուցաբերէ Լիբանանի ժողովուրդին։ Համայն հայութիւնը այսօր սրտակից է Լիբանանին եւ անոր նեցուկ՝ այս փորձութեան մէջ։ Ողբերգական աղէտի կապակցութեամբ վերստին մեր սրտակցութիւնը կը յայտնենք Լիբանանի մեծարգոյ նախագահին, պետական աւագանիին ու ժողովուրդին, մեր հոգեւոր եղբօր՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա.-ին, հայ համայնքին, ինչպէս նաեւ մեր վշտակցութիւնը՝ զոհուած հայորդիներու ընտանիքներուն։

«Մենք կը հաւատանք, թէ Լիբանանի բարեսէր ժողովուրդը, որ իր պատմութեան ընթացքին բազում փորձութիւններ յաղթահարած է, իր տոկունութեամբ եւ միասնական ոգիով կարող է դուրս գալ նաեւ այս փորձութիւններէն եւ դժուարութիւններէն։ Սիրելիներ, այս առիթով հայրապետական մեր յորդորը կը յղենք աշխարհասփիւռ մեր զաւակներուն եւ թեմերուն՝ իրենց հնարաւոր զօրակցութիւնը ցուցաբերելու լիբանանահայ համայնքին, այս դժուարին պահուն օգնելով վերականգնելու պայթումի հետեւանքով յառաջացած սոսկալի վնասներն ու աւերուածութիւնները»։

Վեհափառ Հայրապետը խօսքի աւարտին մաղթեց, որ Բարձրեալ Տէրը Լիբանանի բարեկամ ժողովուրդը պահէ իր օրհնութեան ներքեւ, օգնէ անոր այս ծանր պահուն կորովի եւ աննկուն մնալու համար՝ դուրս գալու նպատակով դժուարին փորձութիւններէն եւ վերահաստատելու ստեղծագործ եւ ապահով կեանքի ընթացքը։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 10, 2020