ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՕԾԵՑ ՄԱՍԻՍԻ ՆՈՐԱԿԱՌՈՅՑ Ս. ԹԱԴԷՈՍ ԵԿԵՂԵՑԻՆ
Նախագահութեամբ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին եւ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի, կատարուեցաւ օծման արարողութիւնը Մասիս քաղաքի նորակառոյց եկեղեցւոյ:
Եկեղեցւոյ մուտքին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը դիմաւորեցին Արարատեան Հայրապետական Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ Տ. Նաւասարդ Արք. Կճոյեան, եկեղեցւոյ բարերարներ՝ Միքայէլ եւ Կարէն Վարդանեանները, թեմի հոգեւոր սպասաւորները եւ երիտասարդական միութեան անդամները:
Օծման արարողութեան ընթացքին շարականներու եւ սաղմոսներու ներքոյ ջուրով եւ գինով լուացուեցան եկեղեցւոյ Ս. Սեղանը, սիւները եւ մկրտութեան աւազանը: Այնուհետեւ «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ խորան բարձրացուեցաւ Սրբալոյս Միւռոնը, որով Վեհափառ Հայրապետը կատարեց եկեղեցւոյ Ս. Սեղանի օծումը:
Ձեռամբ Տ. Նաւասարդ Արք. Կճոյեանի, Արցախի Թեմի Առաջնորդ Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեանի, Մայր Աթոռի Վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեանի, Մայր Աթոռի Լուսարարապետ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեանի եւ Մայր Աթոռի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Տ. Վարդան Եպսկ. Նաւասարդեանի օծուեցին եկեղեցւոյ խորանի սիւները, մկրտութեան աւազանը եւ խորանի շուրթը:
Այնուհետեւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ նորակառոյց եկեղեցին կոչուեցաւ Ս. Թադէոս առաքեալի անունով:
Յաւարտ եկեղեցւոյ օծման, Ամենայն Հայոց Հայրապետը իր պատգամն ու հայրապետական օրհնութիւնը տուաւ ներկաներուն:
«Հոգեւոր ուրախութեան զգացումներով այսօր համակուած ենք ամէնքս: Առ Բարձրեալն Աստուած փառաբանութեամբ, ձեզի հետ միասնական աղօթակցութեամբ կատարեցինք օծումը Մասիս քաղաքի Սուրբ Թադէոս եկեղեցւոյ:
«Սուրբ Էջմիածնի տօնին նուիրուած գեղեցիկ շարականը կ՚արտայայտէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայոց առաջին հայրապետի կոչը. «Եկայք շինեսցուք սուրբ զխորանն լուսոյ, քանզի ի սմա ծագէաց մեզ լոյս»: Նոր եկեղեցիներու կառուցումը իրագործումն է այս կոչին՝ դառնալով ոգեւորութիւն եւ խրախոյս մեր կեանքին մէջ՝ վառ պահելու հաւատքի լոյսը, ապրելու բարեպաշտութեամբ, գործելու Աստուծոյ կամքի համաձայն: Նորակառոյց եւ գեղեցկակերտ այս եկեղեցին կը կրէ Ս. Թադէոս առաքեալի անունը, զոր շարականագիրը կը կոչէ «Հայրատունկ այգիի հրեղէն պարիսպ, ոսկեղէն բաժակ, ժիր մատռուակ եւ Հայաստանեայց հոգեւոր հայր»: Թադէոս եւ Բարթողիմէոս առաքեալները քրիստոնէութեան լոյսը բերին Հայաստան եւ Տիրոջ կենարար շնորհներուն արժանի դարձուցին մեր ժողովուրդը: Օրեր առաջ Սուրբ Միւռոնի օրհնութեան արարողութեան Մենք յիշատակեցինք, որ Թադէոս առաքեալի ձեռամբ Հայաստան բերուած է Քրիստոսի կողմէ օրհնուած իւղը, որու զօրութիւնը կը հաղորդուի մեր սրբալոյս միւռոնին եւ որով այժմ կատարեցինք օծումը այս եկեղեցւոյ: Թադէոս առաքեալի՝ մեր ժողովուրդին մատուցած սպասաւորութեան յիշատակները, յիրաւի, մշտարթուն կ՚ըլլան նաեւ Քրիստոսի հաւատարիմ աշակերտի անունը կրող եկեղեցւոյ մէջ եւ այս եկեղեցին այցելող հաւատացեալներու սրտերուն մէջ:
«Սիրելիներ, հաւատքը կենդանի եւ զօրաւոր է Բարձրեալն Աստուծոյ հետ աղօթական հաղորդակցութեամբ: Իր ամենակարողութեամբ Աստուած ամէնուր է՝ երկնքի մէջ եւ երկրի վրայ, եւ աստուածային հոգեպարար ներկայութիւնը զգալի է յատկապէս Տիրոջ նուիրուած սրբագործեալ տաճարներու մէջ: Այս իրողութիւնը կ՚ուսուցանէ Դաւիթ մարգարէն սաղմոսի միջոցով՝ ըսելով. «Տէր ի տաճար սու՛րբ իւրում. Տէր յերկինս յաթոռ իւրում (Տէրը իր սուրբ տաճարին մէջ է, Տէրը երկնքի մէջ է՝ իր գահուն վրայ)» (Սաղմ. Ժ 5)։
«Եկեղեցին Աստուծոյ տունն է, պաշտամունքի սրբազան վայր, ուր կը հանդիպին երկինքն ու երկիրը, ժամանակաւորն ու յաւիտենականը, եւ ուր մարդ կը ներթափանցէ յաւերժութեան խորհուրդի մէջ, կը ստանայ նաեւ պարգեւը յաւիտենական կեանքի: Մեր Տիրոջ եւ Փրկչի շնորհները կը հեղուին հաւատացելոց վրայ եկեղեցիներու օրհնեալ յարկէն ներս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի, սրբազան արարողութիւններու մատուցմամբ: Եւ եկեղեցւոյ Ս. Սեղանէն բաշխուող հոգեւոր պարգեւներով զօրանալով՝ մեր ժողովուրդի զաւակները երկնային աջակցութեամբ կ՚արդիւնազարդեն իրենց կեանքի ընթացքը աստուածահաճոյ գործերով: Գովելի է, որ եկեղեցաշէն բարերարները, ընդառաջ մեր ժողովուրդի հոգեւոր պահանջի, կեանքի կը կոչեն նոր աղօթավայրերու, օրհնութեան նուիրական յարկերու, լուսոյ սուրբ խորաններու կառուցումը», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը:
Ս. Թադէոս եկեղեցւոյ օծման առիթով Վեհափառ Հայրապետը իր բարձր գնահատանքը բերաւ Վարդանեան ընտանիքի անդամներուն, որոնց շնորհիւ Մասիս քաղաքին մէջ հոյակերտ եկեղեցի կառուցուեցաւ:
Վերյիշելով եկեղեցւոյ հիմնարկէքը, որուն ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ բարերարը՝ բարեյիշատակ Հրանդ Վարդանեան, Նորին Սրբութիւնը յաւելեց, որ հաւատացեալ հայորդիները իրենց աղօթքներուն մէջ մշտապէս պիտի յիշեն զայն՝ Տիրոջմէ խաղաղութիւն ու հանգստութիւն հայցելով անոր լոյս հոգիին համար:
Հայոց Հովուապետը գովելի սպասաւորութեան իրականացման, թեմէն ներս հոգեւոր-եկեղեցական կեանքը աշխոյժ պահելու եւ նման եկեղեցաշէն ձեռնարկներն ու բարերարութիւնները խրախուսելու համար իր գնահատանքը յայտնեց Արարատեան Հայրապետական Թեմի հոգեւոր դասուն՝ գլխաւորութեամբ Տ. Նաւասարդ Արք. Կճոյեանի:
Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ պետական այրերու ներկայութիւնը սրբազան արարողութեան՝ հայցելով Աստուծոյ զօրակցութիւնը անոնց հայրենանուէր առաքելութեան մէջ:
Նորին Սրբութիւնը իր օրհնութիւնը բերաւ նաեւ եկեղեցւոյ ճարտարապետ Անահիտ Թարխանեանին եւ շինարարներուն:
Գնահատելով Վարդանեան ընտանիքի եկեղեցանուէր նպաստը՝ ի շինութիւն եւ ի պայծառութիւն հոգեւոր-եկեղեցական կեանքի, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» պատուոյ բարձրագոյն շքանշան շնորհեց Միքայէլ եւ Կարէն Վարդանեաններուն: Հայոց Հայրապետը մաղթեց, որ Տէրը յաջողութիւններ շնորհէ բարեպաշտ Վարդանեան ընտանիքի ազգօգուտ, հայրենասէր գործերուն:
Վերջաւորութեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը աղօթեց, որ Աստուած խաղաղութեան մէջ նոր յառաջընթաց ու շինութիւն պարգեւի Հայրենիքին, պահէ ու պահպանէ հայ ժողովուրդը՝ առաջնորդելով դէպի նոր ձեռքբերումներ:
Նորին Սրբութիւնը նաեւ մաղթեց, որ Տէրը Ս. Թադէոս առաքեալի բարեխօսութեամբ Իր օրհնութեան ներքոյ պահէ Մասիսի նորակառոյց եկեղեցին եւ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ զաւակները՝ նորանոր յաջողութիւններ շնորհելով բոլոր ազգանուէր ու եկեղեցանուէր գործերուն ու նախաձեռնութիւններուն:
Այս առիթով Վեհափառ Հայրապետը տաճարին նուիրեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի խաչելութեան սրբապատկեր:
Ս. Թադէոս եկեղեցւոյ օծման արարողութեան ներկայ էին նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան, Արարատի մարզպետ Ռուբիկ Աբրահամեան, Մասիսի քաղաքապետ Սաշա Յակոբեան եւ բազում բարեպաշտ հայորդիներ։
Եկեղեցական
- 12/02/2024
- 12/02/2024