ՏԱՐԵԴԱՐՁԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ե­րէկ, Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը մէկ­տե­ղուե­ցաւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի պաշ­տօ­նէու­թեան հետ։ Մայ­րա­վան­քի հա­մա­լի­րէն ներս, Գէոր­գեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րա­նի հան­դի­սու­թիւն­նե­րու դահ­լի­ճի եր­դի­քին տակ այս հա­ւա­քոյ­թը կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի գա­հա­կա­լու­թեան 16-րդ տա­րե­դար­ձին առ­թիւ։

Հան­դի­պու­մը սկսաւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի վար­չատն­տե­սա­կան բաժ­նի տնօ­րէն Տ. Մու­շեղ Եպսկ. Պա­պա­յեա­նի ող­ջոյ­նի խօս­քով։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը այս առ­թիւ շնոր­հա­ւո­րեց Ա­մե­նայն Հա­յոց Հայ­րա­պե­տը, մաս­նա­ւո­րա­պէս անդ­րա­դառ­նա­լով իր գա­հա­կա­լու­թեան տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին հո­գե­ւոր-ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քէն ներս ար­ձա­նագ­րուած յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րուն։ Պաշ­տօ­նէու­թեան ա­նու­նով շնոր­հա­ւո­րու­թեան խօսք մը ար­տա­սա­նեց նաեւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի տպա­րա­նի տնօ­րէն Յա­րու­թիւն Կիւ­միւ­շեան։ Այս վեր­ջի­նը ը­սաւ.

«Վե­հա­փառ Տէր, այ­սօր այս­տեղ հա­ւա­քուած են մար­դիկ, ո­րոնց կեան­քին զգա­լի մէկ ժա­մա­նա­կա­հա­տուա­ծը միա­հիւ­սուած է Մայր Ա­թո­ռի ըն­թաց­քին հետ ու մենք մշտա­պէս կը տես­նենք, որ դուք ինչ­պի­սի ներշն­չան­քով, ան­կոտ­րում կամ­քով ու ան­խոնջ աշ­խա­տան­քով կ՚ուղ­ղոր­դէք մեր Սուրբ Ե­կե­ղե­ցին։ Ձեր նուի­րումն ու ե­ռան­դը մեզ կ՚ո­գեշն­չեն Վե­հա­փառ Տէր, եւ մենք ալ մեր հեր­թին, կը փոր­ձենք թէ­կուզ եւ չնչին կեր­պով նպաս­տել այս ե­կե­ղե­ցա­շէն ու ազ­գա­նուէր գոր­ծին, զոր կ՚ի­րա­կա­նաց­նէք տա­րի­նե­րէ ի վեր։

«Գաղտ­նիք չէ, որ որ­քա՜ն կա­րե­ւոր ծրագ­րեր կեան­քի կո­չած էք թէ՛ հո­գե­ւոր-կրթա­կան ո­լոր­տին մէջ, թէ՛ ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քէն ներս, թէ՛ քոյր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու գծով եւ որ­քան հիմ­նա­րար հար­ցեր լու­ծած էք մեր ե­կե­ղեց­ւոյ ամ­րապնդ­ման ու զօ­րաց­ման հա­մար թէ՛ Սփիւռ­քի եւ թէ հայ­րե­նի­քի մէջ։ Վստա­հա­բար, պատ­մու­թիւ­նը Գա­րե­գին Բ. Ա­մե­նայն Հա­յոց Հայ­րա­պե­տը պի­տի կո­չէ՝ որ­պէս ե­կե­ղե­ցա­շէն եւ ազ­գա­նուէր կա­թո­ղի­կոս, ո­րով­հե­տեւ տա­կա­ւին ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին վեր պի­տի խո­յա­նան եւ պտուղ պի­տի տան այն ծրագ­րե­րը, ո­րոնց սեր­մե­րը ար­դէն ցա­նուած են այ­սօր»։ Յա­րու­թիւն Կիւ­միւ­շեան մաղ­թեց, որ Աս­տուած ուժ եւ զօ­րու­թիւն տայ Նո­րին Սրբու­թեան՝ այս դժուա­րին ժա­մա­նակ­նե­րուն մէջ քրիս­տո­նէու­թեան ջա­հը վառ պա­հե­լու եւ իր ի­մաս­տու­թեամբ ու ան­սա­սան նուի­րու­մով եր­կար տա­րի­ներ ա­ռաջ­նոր­դե­լու հա­մար հայ ժո­ղո­վուր­դը։

Ա­ւե­լի վերջ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը օրհ­նու­թեան խօսք մը ար­տա­սա­նեց Մայր Ա­թո­ռի աշ­խա­տա­կից­նե­րուն հա­մար։ Ան ու­րա­խու­թիւն յայտ­նեց սոյն հան­դիպ­ման կա­պակ­ցու­թեամբ ու գո­հու­նա­կու­թեամբ ընդգ­ծեց, որ Մայր Ա­թո­ռի աշ­խա­տա­կից­նե­րը, եր­բեմն նաեւ մեծ զո­հո­ղու­թիւն­նե­րու գնով, սի­րով եւ յանձ­նա­ռու­թեան ո­գիով ի­րենց ծա­ռա­յու­թիւ­նը կը բե­րեն հա­յոց հո­գե­ւոր կեդ­րո­նին՝ գի­տակ­ցե­լով, որ Մայր Ա­թո­ռը հա­յոց ազ­գի տունն է, պա­տի­ւը եւ դէմ­քը։

«Մեր ակն­կա­լու­թիւնն է, որ մեր պաշ­տօ­նէու­թիւ­նը շա­րու­նա­կէ նոյն նա­խան­ձախնդ­րու­թեամբ ու նուի­րու­մով իր ծա­ռա­յու­թիւ­նը՝ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի փառ­քին ու պայ­ծա­ռու­թեան հա­մար։ Կը փա­փա­քինք բարձր գնա­հա­տան­քի ար­ժա­նաց­նել բո­լո­րիդ աշ­խա­տան­քը. նուի­րեալ հո­գիով ու սրտով դուք ծա­ռա­յու­թիւն կը մա­տու­ցէք։ Այն ինչ որ կ՚ի­րա­գոր­ծուի Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ, ամ­բողջ աշ­խա­տա­կազ­մի ձեռք­բե­րումն է։ Հա­ւա­քա­կան, մեր բո­լո­րիս հա­մա­տեղ աշ­խա­տան­քի ար­դիւնքն է այն, ինչ որ մենք կ՚ար­ձա­նագ­րենք որ­պէս յա­ջո­ղու­թիւն։ Իւ­րա­քան­չիւր աշ­խա­տա­կից իր նուի­րեալ ջան­քե­րով կ՚ա­պա­հո­վէ այս հաս­տա­տու­թեան յա­ռա­ջըն­թա­ցը եւ մենք մե­ծա­պէս ու­րախ ենք ու բարձ­րօ­րէն կը գնա­հա­տենք», ը­սաւ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը։

Հան­դի­պու­մը ա­ւար­տին հա­սաւ Նո­րին Սրբու­թեան «Պահ­պա­նիչ» ա­ղօթ­քով։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2015