ԿԻԼԻԿԵԱՆ ԱԹՈՌԻ ՄԻԱԲԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ

Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Անթիլիասի այն հոգեւորականներուն հետ, որոնք կը պաշտօնավարեն Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ։ Այսպէս, իր գլխաւորած համագումարին ներկայ գտնուեցան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն եւ Գանատայէն եկեղեցականներ։ Քննարկումներու ընթացքին շօշափուեցան ընկերաբարոյական շարք մը հարցեր, որոնք կը վերաբերին համայնքներու առօրեայ կեանքին, եկեղեցւոյ հոգեւոր առաքելութեան եւ ազգային ծառայութեան։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 10, 2023