ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԷՆ ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութեան բաժինը վերջերս հրատարակեց երկու նոր գիրքեր։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ եւ «Սարգիս Գաբրիէլեան» հիմնադրամի մեկենասութեամբ լոյս տեսան այս գիրքերը։
Անոնցմէ մին է Երուանդ Օտեանի նշանաւոր գործը՝ «Անիծեալ տարիներ. (1914-1919 անձնական յիշատակներ)» մենագրութեան ռուսերէն թարգմանութիւնը։ Թարգմանիչն է Հրազդան Մադոյեան։ Ծանօթ է, որ Երուանդ Օտեանի այդ շատ կարեւոր գործը առաջին անգամ որպէս թերթօն հրատարակուած է ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին մէջ։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութեան բաժնին կողմէ հրատարակուած երկրորդ գիրքն է Արշակ Տէր-Մելիքեանի «Ուսումն Ս. Գրոց (ներածութիւն)» դասագիրքը։ Հոգեւոր-կրթական հաստատութիւններու եւ Ս. Գիրքով հետաքրքուողներու համար նախատեսուած է այս գործը, որ առաջին անգամ 1901 թուականին լոյս տեսած է Թիֆլիզի մէջ։ Ներկայ վերահրատարակութիւնը կատարուած է գրեթէ առանց փոփոխութեան՝ լրացուելով միայն 20-րդ դարասկիզբին բնորոշ եզրերու վերաբերեալ ծանօթագրութիւններով։