ՄԱԼԱԹԻՈՅ ՄԷՋ ՏԽՈՒՐ ՀՐԱԺԵՇՏ

Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան երէկ Մալաթիոյ մէջ կատարեց երկրաշարժի զոհ գացած Թապաշ ընտանիքի անդամներուն յուղարկաւորութեան կարգը։ Այսպէս, տեղւոյն հայկական գերեզմանատան մատրան մէջ յուզումնախառն մթնոլորտի մէջ հրաժեշտ տրուեցաւ Սամի եւ Այտա Թապաշ ամոլին եւ իրենց որդւոյն՝ Ալեքս Թապաշին։ Մատրան մէջ տեղի ունեցած աղօթքէն վերջ, երկրաշարժի զոհ դարձած հանգուցեալներու մարմինները հողին յանձնուեցան գերեզմանատան մէջ։

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի տնօրինութեամբ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան այս օրերուն կ՚այցելէ աղէտի գօտի։ Նախընթաց օր երեկոյեան ան Էլազըղի վրայով մեկնեցաւ Մալաթիա եւ հիւրասիրուեցաւ տեղւոյն բնակիչներէն Սէրտար Պոյաճըի բնակարանի երդիքին տակ։ Երէկուան յուղարկաւորութիւնը առիթ դարձաւ, որ փոխանորդ տէր հայրը «Հոգւոց» աղօթքէն առաջ դամբանախօսէ եւ փոխանցէ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ցաւակցութիւններն ու հայրական օրհնութիւնը։ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան շեշտեց, որ Նորին Ամենապատուութիւնը այս ծանր պահուն կը յիշեցնէ, թէ այս ցնցումի պահուն աղէտի գօտիէն ներս մեր եկեղեցւոյ զաւակները առանձին չեն եւ ինք կ՚աղօթէ անոնց բոլորին համար։ Նորին Ամենապատուութիւնը ի Տեառնէ կը մաղթէ, որ զօրացնէ եւ տոկունութիւն պարգեւէ այս դժուարին օրերուն։

Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան աւելի վերջ մատնանշեց, թէ անհրաժեշտ է հաւատալ մխիթարութեան կարեւորութեան։ Արդարեւ, մխիթարութեան դուռը կը բացուի Աստուծոյ վստահելով։ Փոխանորդ տէր հայրը յիշեցուց, որ պէտք չէ աչքերը յարել գերեզմանի հողակոյտին եւ եթէ կայ գերեզման մը, որուն աչքերը պէտք է յարել՝ ապա այդ մէկն ալ Քրիստոսի յարութեամբ դատարկ մնացած սուրբ գերեզմանն է, որ յաւիտեանս յաւիտենից կը վկայէ յարութեան ճշմարտութեան։

Ինչպէս հաղորդած էինք, Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան այս շաբաթավերջին կը շարունակէ մնալ աղէտի գօտիին մէջ։ Ան վաղը կ՚այցելէ Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցին, ուր երկրաշարժէն վերջ կը պատսպարուին աղէտեալներ։   

Շաբաթ, Փետրուար 11, 2023