ԱՅՍՕՐ ՄԻՋԻՆՔ Է

Մեծ պահ­քը կի­սող Մի­ջին­քը այս տա­րի կը նշո­ւի այսօր: Ժո­ղովր­դա­կան ա­ւան­դու­թեան հա­մա­ձայն՝ Մի­ջին­քին հայ տան­տի­կին­նե­րը կը թխեն բա­ղարջ, ո­րուն մեջ կը դնեն մե­տա­ղադ­րամ: Ո­րուն բա­ժին կը հաս­նի այդ դրա­մը, այդ տա­րի յա­ջո­ղու­թիւն կ՚ու­նե­նայ: 

Ըստ Մա­ղա­քիա Արք. Օր­մա­նեա­նի՝ Մի­ջինք ա­նու­նը կը տրուի Մեծ պա­հքը կի­սող օ­րո­ւան, որ տօ­նա­կան նշա­նա­կու­թիւն չու­նի: Մի­ջինք է Դ. (չոր­րորդ) Չո­րեք­շաբ­թի կամ Մեծ պահքի 24-րդ­ օ­րը: Մի­ջին­քէն սկսեալ՝ Խա­ղա­ղա­կան ժա­մեր­գու­թեան ըն­թաց­քին կը սկսին երգո­ւիլ Ստե­ղի շա­րա­կան­նե­րը՝ յա­ւուր պատ­շա­ճի:

Ի՞ՆՉ Է ՄԻ­ՋԻՆ­ՔԸ

Մեծ պահ­քի կէ­սը կամ 24-րդ օ­րը կը կո­չուի Մի­ջինք։ Մի­ջին­քի առ­թիւ ե­կե­ղե­ցիին մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ ա­ռա­ւօ­տեան Ա­րե­ւա­գա­լի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, իսկ ե­րե­կո­յեան՝ Ե­կես­ցէ։ Ե­կե­ղե­ցա­կան կա­նո­նի հա­մա­ձայն, Մի­ջին­քին կը սկսի ստե­ղի շա­րա­կա­նի եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը։

Մի­ջին­քը հա­ւա­նա­բար հաս­տա­տուած է յի­շեց­նե­լու հա­մար, թէ Մեծ պահ­քը հա­սած է իր կէ­սին։

ՍՈ­ՎՈ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆ­ՆԵՐ

Ժա­մա­նա­կին գո­յու­թիւն ու­նե­ցած են Մի­ջին­քի յա­տուկ սո­վո­րու­թիւն­ներ, ո­րոնց­մէ ցարդ մնա­ցած է ի­րա­նա­հա­յու­թեան «Մի­ջին­քի կար­կան­դակ»ը։

Մի­ջին­քի ժո­ղովր­դա­յին սո­վո­րու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք մեծ մա­սամբ կ՚ա­ռըն­չուին Քա­ռա­սուն Ման­կանց եւ Ս. Գր. Լու­սա­ւո­րի­չի տօ­նե­րուն, կ՚ամ­փո­փուին բա­ղարջ պատ­րաս­տե­լու, բախտ փոր­ձե­լու, լիճք պատ­րաս­տե­լու եւ բա­ցօ­թեայ պտոյ­տի մէջ։

Դա­րա­լա­գեա­զի, Վա­ղար­շա­պա­տի, Հին Ջու­ղա­յի, Շի­րա­կի, Բա­սէ­նի, Ա­րա­րա­տեան նա­հան­գի մէջ կա­յին հե­տաքրք­րա­կան սո­վո­րու­թիւն­ներ։

Մեծ պահ­քի 23-րդ օ­րը ե­կե­ղե­ցիին մէջ կը շի­նուէր լիճք, կոն­քի (տաշտ) մը մէջ կը լեց­նէին ջուր ու ձէթ եւ ե­ղէ­գէ խա­չի մէջ պատ­րոյ­գը լիճ­քին մէջ կը վա­ռէին մին­չեւ լու­սա­բաց։ Ա­ռա­ւօ­տեան լիճ­քի ջու­րը կը բաժ­նէին եւ կը խառ­նէին բա­ղար­ջի խմո­րին հետ։ Այդ բա­ղար­ջը կը կոչուէր մի­ջունք, միջ­նա­բաղջ, կլոճ։

Բախտ փոր­ձե­լու հա­մար բա­ղար­ջին մէջ կը դրուէր ու­լունք կամ դրամ։ Բա­ղար­ջը տան ե­րէ­ցը կը բաժ­նէր տան բո­լոր ան­դամ­նե­րուն։ Ու­լուն­քը կամ դրա­մը ո­րու բա­ժի­նէն դուրս գար, տա­րուան ա­ռա­տու­թիւ­նը ա­նոր գլխուն կ՚ըլ­լար։ Իսկ ե­թէ ու­լուն­քը կամ դրա­մը դա­նա­կին բե­րա­նը գար, այն ժա­մա­նակ բախ­տը ամ­բողջ տան վրայ կը տա­րա­ծուէր, ի­րենց ապ­րուս­տը պէտք է սպա­սէին հո­ղէն։

Բա­սէ­նի եւ Ա­րա­րա­տեան նա­հան­գի մէջ լիճ­քի ջու­րին մէջ կը վա­ռէին քա­ռա­սուն պատ­րոյգ (լիճ­քին ջու­րը չէին բաժ­ներ)։ Ե­րի­տա­սարդ աղ­ջիկ­ներ եւ տղաք կը հա­ւա­քուէին բա­րե­կա­մի մը տու­նը, իւ­րա­քան­չիւ­րը կը ժող­վէր քառասուն մանր քա­րեր՝ ի յի­շա­տակ Քա­ռա­սուն ման­կանց՝ եւ մէկ քա­րի վրայ քա­ռա­սուն ան­գամ ծունր կը կրկնէին՝ ու­րեմն՝ 1600 ծունր, որ­պէս­զի Քա­ռա­սուն ման­կանց ա­ղօթ­քը ի­րենց վրայ ըլ­լայ։

Դա­րա­լա­գեա­զի մէջ սո­վո­րու­թիւն էր, որ Մի­ջին­քէն ետք ե­կող Գրիգոր Լու­սա­ւո­րի­չի օ­րը (Մուտն ի վի­րապ) նո­րա­հար­սին կե­սու­րը հրա­ւի­րէր իր տան բա­րե­կամ կի­նե­րը, հար­սին մայրն ու ա­նոր բա­րե­կամ կի­նե­րը եւ զա­նա­զան ու­տես­տե­ղէն պատ­րաս­տե­լով՝ եր­թա­յին կա­նա­չա­զարդ դաշ­տե­րը զբօս­նե­լու։ Այս զբօ­սան­քին ա­նու­նը գեաշտ էր։

Կարգ մը շրջան­նե­րու մէջ կը թխուէր կու­տա­պը։ Կու­տա­պը պատ­րաս­տե­լու հա­մար ա­լիւ­րը կը շա­ղեն ձէ­թով, խմո­րի գուն­դե­րը գրտնա­կով կը տա­փակց­նեն եւ իւ­րա­քան­չիւր գուն­դի մէջ կը դնեն խա­շած լու­բիա, բակ­լայ, սոխ կամ այլ բան­ջա­րե­ղէն, ա­պա զայն կը ծա­լեն բո­լո­րա­կա­ձեւ կամ ձուա­ձեւ եւ կը թխեն թո­նի­րի մէջ։ Երբ կու­տա­պը պատ­րաստ ըլ­լայ, հար­սերն ու աղ­ջիկ­նե­րը ի­րենց բա­ժին­նե­րը կ՚առ­նեն եւ ի­րենց հա­րե­ւան ըն­կե­րու­հի­նե­րուն հետ կ՚եր­թան կա­նա­չա­պատ եւ յար­մար տեղ մը։ Այդ օր ոչ մէկ հասուն կին, կե­սուր կամ ե­րի­տա­սարդ կ՚ըն­կե­րա­նայ ա­նոնց։ Այդ օ­րը ա­զատ կ՚ըլ­լան հար­սերն ու աղ­ջիկ­նե­րը։ Ի­րենց ըն­կե­րու­հի­նե­րուն կը պատ­մեն ի­րենց ցա­ւե­րը կամ նոր կեան­քի լաւ ու վատ կող­մե­րը։ Ա­պա շուրջ­պար կը բռնեն։ Իսկ վեր­ջա­ւո­րու­թեան կ՚ու­տեն ի­րենց կու­տա­պը։

Չորեքշաբթի, Մարտ 11, 2015