ՅԱՐԳԱՆՔԻ ԽՈՆԱՐՀՈՒՄ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ
Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) Գործադիր կոմիտէի անդամները այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը, ուր աղօթք յղեցին առ Աստուած 1915-ի անմեղ զոհերուն համար, դատապարտեցին ցեղասպանութիւններն ու մերժողականութիւնը, աղօթեցին Իրաքի քրիստոնեաներու, առեւանգուած հոգեւորականներու, ինչպէս նաեւ աշխարհի վրայ խաղաղութեան հաստատման համար։ Այնտեղ հրապարակուեցաւ նաեւ ԵՀԽ-ի յայտարարութիւնը՝ Մեծ եղեռնի 100-րդ տարելիցին կապակցութեամբ։ Մասնաւորապէս ընդունուած յայտարարութեամբ կոչ կ՚ուղղուի միջազգային հանրութեան, ԵՀԽ-ի անդամ երկիրներուն եւ բարի կամքի տէր մարդոց՝ յիշատակելու Մեծ եղեռնը եւ այդպէսով կանխելու ցեղասպանութիւնները եւ մարդկութեան դէմ միւս յանցագործութիւնները։
ԵՀԽ-ի գլխաւոր քարտուղար Օլաւ Թուէյթ լրագրողներուն յայտարարեց, թէ իր կառոյցը պաշտօնապէս կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ քայլերու կը ձեռնարկէ միջազգային ընդունման համար։ Իսկ Մայր Աթոռի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու պատասխանատու Տ. Յովակիմ Եպսկ. Մանուկեան յայտնեց, թէ ԵՀԽ 1979-էն ի վեր իր նպաստը կը բերէ Մեծ եղեռնի միջազգային ճանաչման աշխատանքներուն։
ԵՀԽ-ի Գործադիր կոմիտէի պատուիրակութիւնը՝ Տքթ. Օլաւ Թուէյթի գլխաւորութեամբ երէկ այցելեց նաեւ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանին։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէր նաեւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ Այս առթիւ Սարգսեան կարեւորեց կառոյցին գործունէութիւնը եւ գնահատեց Օլաւ Թուէյթի այցը Հայաստան՝ 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման արարողութիւններուն մասնակցելու նպատակով։
Իրենց հերթին շնորհակալութիւն յայտնեցին նաեւ հիւրերը ընդգծելով, որ պատուիրակութիւնը Հայաստան կ՚այցելէ Մեծ եղեռնի 100-րդ տարելիցին կապակցութեամբ, ինչպէս նաեւ աւելի ամրապնդելու Հայ Եկեղեցւոյ եւ քոյր եկեղեցիներու միջեւ ձեւաւորուած յարաբերութիւնները։
Հարկ է նշել, թէ 8-13 Յունիս թուականներուն Մայր Աթոռի մէջ կը կայանայ ԵՀԽ-ի հնգօրեայ նիստը։
Եկեղեցական
- 11/27/2024