Չորեքշաբթի 29, Յունուար 2025
ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՐԱՔԱՀԱՅ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց իրաքահայ խումբ մը ուխտաւորներ։ Ուխտաւորները գլխաւորեց Իրաքի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Օշական Եպսկ. Կիւլկիւլեան։
Վեհափառ Հայրապետը ուխտաւորներուն փոխանցեց իր սէրն ու օրհնութիւնը, նաեւ զանոնք շնորհաւորեց՝ իրենց առաջնորդի եպիսկոպոսական աստիճանի արժանանալուն առթիւ։ Նորին Սրբութիւնը բոլորին յորդորեց նախանձախնդրութեամբ ապրիլ ազգային-հոգեւոր արժէքներով, պահպանել ազգային ինքնութիւնը եւ ամէն ջանք ի գործ դնել զօրացնելու համար հայ համայնքը, օգտակար ծառայութիւն բերել ազգին, եկեղեցիին եւ Հայաստանին։
Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 11, 2023