ՎԱՐԴԱՊԵՏԱԿԱՆ ԼԱՆՋԱԽԱՉԵՐ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի արարողութիւն մը։ Այսպէս, Հայրապետական սրբատառ կոնդակով վարդապետական լանջախաչ շնորհուեցաւ չորս քահանայ հայրերու, որոնք երկար տարիներէ ի վեր հետեւողական ու նուիրեալ աշխատանք կը տանին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան համակարգէն ներս։ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս երկարատեւ ծառայութեան բարձր գնահատանքով վարդապետական լանջախաչ կրելու իրաւունք շնորհուեցաւ՝ Կաթողիկոսական գրասենեակի գործավար Տ. Խորէն Աւ. Քհնյ. Կիրակոսեանին, դիւանատան ներեկեղեցական յարաբերութիւններու գրասենեակի տնօրէն Տ. Պարոյր Աւ. Քհնյ. Աւետիսեանին, Կաթողիկոսական գրասենեակի տնօրէն Տ. Վահրամ Աւ. Քհնյ. Մելիքեանին եւ Կաթողիկոսական գրասենեակի գործավար Տ. Արամ Աւ. Քհնյ. Մակարեանին։
Վեհարանի մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեան ընթացքին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի արարողակարգի եւ արտաքին յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան անդրադարձաւ քահանայ հայրերու ծառայութիւններուն եւ զանոնք շնորհաւորեց՝ բարձր պատուի արժանացած ըլլալու համար։
Ապա, «Էջմիածնն ի Հօրէ» շարականի երգեցողութեամբ վերաբերուեցան Հայրապետական սրբատառ կոդակները, որոնք ընթերցուեցան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Եկեղեցական հայեցակարգային բաժնի տնօրէն Տ. Վարզգէն Եպսկ. Միրզախանեանի կողմէ։
Կոնդակներու ընթերցումէն յետոյ Նորին Սրբութիւնը վարդապետական ադամանդակուռ լանջախաչերով զարդարեց յիշեալ չորս քահանայ հայրերու կուրծքը։
Մեծարեալներու անունով Տ. Ադամ Աւ. Քհնյ. Մակարեան որդիական երախտագիտութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին՝ հաւաստիացնելով, որ պատրաստակամ են նոյն նախանձախնդիր ոգիով ու նուիրումով շարունակելու իրենց Տէրունապարգեւ առաքելութիւնը։
Իր կարգին, Վեհափառ Հայրապետն ալ ամփոփ ելոյթով մը վերստին շնորհաւորեց քահանայ հայրերը, որոնց յղեց իր օրհնութիւնը եւ զանոնք օրհնեց «Պահպանիչ» աղօթքով։