ԳԱԳԱԹՆԱՅԻՆ ՄԵԾԱՐԱՆՔ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նախընթաց օր Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին հանդիսաւորապէս յանձնուեցաւ՝ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ շնորհուած Պատուոյ շքանշանը։ Վեհափառ Հայրապետը պետական այս բարձր շքանշանին արժանացած է Փութինի հրամանագրով՝ Ռուսաստանի եւ Հայաստանի միջեւ մշակութային-մարդասիրական կապերու զարգացման ուղղութեամբ ունեցած մեծ աւանդին համար։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արարողակարգի եւ արտաքին յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեանի ողջոյնի խօսքով սկսած պարգեւատրման արարողութիւնը, որ Վեհարանի գահասրահի երդիքին տակ համախմբեց Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամներ, ներքին թեմերու առաջնորդներ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններ եւ Հայաստանի զանազան կառոյցներու ղեկավարներ։

Հաւաքոյթի ընթացքին Երեւանի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին ընթերցեց նախագահ Փութինի հրամանագիրը, ապա Նորին Սրբութեան յանձնեց Ռուսաստանի Դաշնակցութեան Պատուոյ շքանշանը։

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ալ այս առթիւ ներկաներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնն ու պատգամը։ Ի դէմս դեսպան Քոփիրքինի՝ Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց Վլատիմիր Փութինի ազնիւ ուշադրութեան եւ գնահատանքին համար։ Ան մասնաւորապէս ըսաւ. «Մեր ժողովուրդները ունին դարաւոր բարեկամութեան հարուստ պատմութիւն, որ կոփուած ու թրծուած է համատեղ ներգրաւուած նեղութիւններով ու դժուարութիւններով եւ բազում յաղթանակներով։ Մեր ժողովուրդներու եղբայրութիւնը ամրօրէն հաստատուած է քրիստոնէական մեր հաւատքի եւ դաւանած ընդհանուր արժէքներու վրայ»։

Վեհափառ Հայրապետը ելոյթին մէջ առանձնապէս անդրադարձաւ Լաչինի միջանցքի փակման հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական տագնապին։ «Կ՚աղօթենք, որ արդիւնաւորուին ռուս խաղաղապահներու ջանքերը՝ ուղղուած Լաչինի միջանցքի բացման եւ Արցախի աղէտալի վիճակի յաղթահարման», նշեց ան։

Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը առ Աստուած աղօթք բարձրացուց, որպէսզի այսօրուայ փոթորկոտ ու տագնապներով լեցուն աշխարհի մէջ Ամենողորմ Տէրը խաղաղութեան իր շնորհները հեղէ համայն հայութեան կեանքին եւ ապահովութեան ու բարօրութեան մէջ պահէ երկու եղբայր ժողովուրդները՝ պարգեւելով արդիւնաւէտ գործակցութիւն եւ մշտանորոգ ձեռքբերումներ։

Հինգշաբթի, Յունուար 12, 2023