ՊԱՀՔԸ ԽԱՂԱՂ ՆԱՒԱՀԱՆԳԻՍՏ Է
Մեծ պահքի երեսուներրորդ օրն է:
Մեր Հաւատքի Հայր եւ Երկրորդ Լուսաւորիչ Սուրբ Գրիգորը, այսպէս կը գրէ. «Պահքը ախտերու ծովածուփ ալիքին դէմ խաղաղ նաւահանգիստ մըն է եւ ամէն վտանգէ ազատ պահելով՝ կեանքի նաւահանգիստ կը հասցնէ»:
Քառասնորդաց պահեցողութեան մէջ ենք: Եթէ այս պահեցողութեան ընթացքը մեզի համար պարզապէս սովորոյթի ուժով կատարուած պահեցողութիւն մըն է, ապա ո՛չ մէկ գրութիւն, քարոզ կամ սերտողութիւն, մեզի որեւէ մէկ բանով կրնայ օգտակար ըլլալ: Մինչ, եթէ այս պահեցողութեան գիտակցաբար դիմած ենք եւ այն մեզի համար վերանորոգութեան ու մաքրութեան ընթացք է, ապա մեր Հաւատքի Հօր վերոնշեալ տողերը կը խօսին մեր սիրտին ու հոգիին:
Մեր թշնամին՝ սատանան կը կատղի մանաւանդ այն ատեն, երբ կը տեսնէ, որ մենք կը սկսինք մեր Երկնաւոր Հօր մօտենալ: Այլ խօսքով, կը կատղի, երբ կը տեսնէ, թէ մենք կը սկսինք օգտագործել մեր Հօր մեզի տուած զէնքերը, այսինքն՝ ինքնագիտակցութիւն, ինքնաքննութիւն, աղօթք, ապաշխարութիւն, պահեցողութիւն, առաքինի կեանք, բարեգործութիւն, ողորմածութիւն, իրերօգնութիւն, Աստուածպաշտութիւն, երկիւղած հոգի, արթուն միտք եւ ինքնիշխան կամքի ճիշդ գործածութիւն:
Երբեմն վերը յիշուածներէն շատերը կը կորսնցնենք, տարուելով սատանային մեր առջեւ յարուցած սին հրապոյրներով եւ կ՚իյնանք մեղքի վտանգաւոր յորձանուտին մէջ: Պահեցողութիւնն է, արդարեւ, որ մեզ կրնայ փրկել այդ յորձանուտէն, կրնայ մեզի ճիշդ ուղղութիւն ցոյց տալ, որպէսզի կարենանք անփորձանք կերպով՝ գէթ որոշակի վնասուածքներով հասնիլ նաւահանգիստ: Կրած վնասները ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ ազդարարութեան միջոցներ, որպէսզի մենք մեզի կրկին անգամ թոյլ չտանք նոյն սխալին կամ սխալներուն մէջ իյնալ:
Կառչինք պահեցողութենէն, որպէսզի կարենանք ախտերու ծովածուփ ալիքներուն մէջէն նաւարկել ու հասնիլ կեանքի նաւահանգիստ, ի Տէր մեր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոս, որուն փառք՝ Հօր եւ Սուրբ Հոգիին հետ միասին, յաւիտենաս յաւիտենից: Ամէն:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ