ԱՒԵՏՄԱՆ ՏՕՆԻ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ

Երէկ, Աւետման տօնին առթիւ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի զանազան կառոյցներէ ներս պաշտօնավարող աշխատակցուհիները։ Հաւաքը տեղի ունեցաւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճի երդիքին տակ։ Հաւաքոյթի սկիզբին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։

Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ արձանագրեց, որ հայ ժողովուրդը մշտապէս բարձր կը գնահատէ կնոջ կարեւոր առաքելութիւնը հայրենիքի բարօր կեանքի կերտման ուղղութեամբ։ Նորին Սրբութիւնը այս առընչութեամբ ընդգծեց կնոջ դերը ընտանիքէն ներս ու նշեց, որ կինը սրբազան առաքելութիւն ունի կրթելու եւ դաստիարակելու զաւակներ, որոնք իրենց նպաստը կը բերեն հայրենիքի հզօրացման, շէնացման եւ յառաջընթացին։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ իր գնահատանքն ու հայրական սէրը փոխանցեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աշխատակցուհիներուն՝ նուիրեալ աշխատանքի համար։ Նորին Սրբութիւնը կարեւոր նկատեց անոնց օգտաշատ եւ նուիրեալ ծառայութիւնը եկեղեցական կեանքէն ներս։

Հուսկ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը մաղթեց բոլորին լաւատեսութեան ոգիով եւ քաջառողջ կեանքով շարունակել աստուածահաճոյ ծառայութիւնը իրենց ընտանիքներուն, եկեղեցիին եւ հայ ժողովուրդին համար։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 12, 2023