ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԸ ԵՒՍ ԴԱՏ ԿՐՆԱՅ ԲԱՆԱԼ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԴԷՄ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմ տուած հովուապետական այցելութեան ընթացքին Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը յայտարարեց, թէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կրնայ Թուրքիայէն պահանջել վերադարձը՝ իր բռնագրաւեալ եկեղեցիներու սեփականութեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, «Ամերիկայի ձայն»ին տուած բացառիկ հարցազրոյցին մէջ Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց, թէ ներկայիս ապագայ դատական դիմումի հիմնաւորման վրայ աշխատանք կը տանին իրաւաբաններն ու պատմաբանները։
Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց, որ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, ինչպէս նաեւ Երուսաղէմի եւ Պոլսոյ Պատրիարքութիւնները արդէն իսկ դատական դիմումներ ներկայացուցած են՝ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն պահանջելով վերադարձնել իրենց սեփականութիւնը։ Ըստ Վեհափառ Հայրապետին, նոյնպէս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինն ալ կրնայ նման դիմում մը ներկայացնել։ «Սա գործընթաց մըն է, որ կը պահանջէ բաւական ջանք ու եռանդ՝ արխիւային փաստաթուղթերը ուսումնասիրելու, անոնք ի յայտ բերելու եւ համապատասխան իրաւաբանական ձեւակերպումներով հիմնաւոր կերպով Թուրքիոյ դատական ատեաններուն դիմումներ ներկայացնելու համար», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը եւ աւելցուց, թէ արդէն իսկ տրուած են համապատասխան յանձնարարականները, որպէսզի ուսումնասիրուին խնդրոյ առարկայ կալուածներուն վերաբերեալ փաստաթուղթերը։
Ծանօթ է, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը վերջերս Սահմանադրական ատեանին մօտ դատ բացած էր՝ Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի եւ մայր տաճարի տարածքի սեփականութեան իրաւունքի վերադարձը պահանջելով։ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնն ալ այս վերջին տարիներուն Թուրքիոյ իշխանութիւններուն մօտ հանդէս կու գայ համապատասխան նախաձեռնութիւններով, որոնց թափանցիկութիւնը շատ աւելի նուազ է։ Ներկայիս այս շարքը համալրել կը պատրաստուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը եւ «Ամերիկայի ձայն»ին տուած հարցազրոյցին մէջ Վեհափառ Հայրապետը ըսած է հետեւեալը. «Սա դրական է այն առումով, որ մենք կը հաւատանք, թէ այս խնդրի բարձրաձայնումը հասանելի պիտի դառնայ Թուրքիոյ ազգաբնակչութենէն աւելի լայն շրջանակներու, որոնք իրենց հերթին պիտի բարձրացնեն իրենց ձայնը՝ դատապարտելու դարասկիզբին գործուած ցեղասպանութիւնը եւ նաեւ պահանջելու, որպէսզի Թուրքիան զայն ճանչնայ ինքն իսկ դատապարտէ եւ նաեւ արձագանգէ մեր ժողովուրդի պահանջատիրութեան։ Մենք կը հաւատանք, որ Թուրքիան այլընտրանք չունի, քան առերեսուելու իր պատմութեան, ճանչնալու եւ դատապարտելու հայոց ցեղասպանութիւնը եւ վերականգնելու արդարութիւնը մեր ժողովուրդին նկատմամբ»։
Իր կարգին, Սիսի Կաթողիկոսարանին համար դատարան դիմած Արամ Ա. Կաթողիկոսն ալ այս օրերուն հովուապետական այցելութիւն մը կու տայ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմ, ուր խօսած քարոզներէն մէկուն ընթացքին ըսած է հետեւեալը. «Մեզի համար մեր ազգային պահանջատիրութիւնը շրջագիծ, թուական եւ վայր չի ճանչնար։ Մեր նպատակն է հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ հատուցումը»։
Եկեղեցական
- 11/27/2024