ՆԻԿԻՈՅ ԱՌԱՋԻՆ ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ 1700-ԱՄԵԱԿԸ ՅԱՋՈՐԴ ՏԱՐԻ ՊԻՏԻ ՆՇՈՒԻ՝ ՈՐՊԷՍ ՀԱՄԱՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՅՈԲԵԼԵԱՆ

Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը 2025 թուականին կրնայ այցելել Թուրքիա՝ նշելու համար Նիկիոյ առաջին տիեզերական ժողովին 1700-ամեակը։ Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարք Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. վերջերս տեղեկացուց, որ Սրբազան Քահանայապետը կը փափաքի միասնաբար նշել այս կարեւոր յոբելեանը։ Մինչ այս յայտարարութիւնները լայն արձագանգ գտած են զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մէջ՝ Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքը շեշտած է, որ այժմ կը ձեւաւորուի կոմիտէ մը՝ կազմակերպելու համար Սրբազան Քահանայապետին Թուրքիա այցելութիւնը։ Յունաց պատրիարքը ընդգծած է, որ Վատիկան շուտով այս նիւթին շուրջ հաղորդակցութեան մէջ կը մտնէ Անգարայի իշխանութիւններուն հետ։

Ֆէնէրի յունաց պատրիարքարանէն պատուիրակութիւն մը հիւրընկալելու ժամանակ Սրբազան Պապը շեշտած է, որ ամբողջ սրտով կը փափաքի նման ուղեւորութիւն մը իրականացնել։

87-ամեայ Քահանայապետը կը ծրագրէ յառաջիկայ սեպտեմբերին այցելել կարգ մը Ասիական եւ Ովկիանոսի երկիրներ։ Յետոյ ան քառօրեայ ուղեւորութեան մը պիտի ձեռնարկէ դէպի Պրիւքսէլ եւ Լիւքսեմպուրկ։ Սրբազան Պապը մասամբ անուասայլակով կ՚իրականացնէ իր ծրագիրները։

1967 թուականին Պօղոս Զ. Պապը եղած էր Թուրքիա այցելած Վատիկանի առաջին գահակալը։ 1979 թուականին Յովհաննէս Պօղոս Բ., իսկ 2006 թուականին Պենետիկտոս ԺԶ. պապերը այցելած էին Թուրքիա։ Այժմու Քահանայապետը նոյն շղթային վրայ օղակ մը աւելցուցած էր 2014 թուականին։

Նիկիոյ առաջին տիեզերական ժողովը գումարուած էր 325 թուականին։ Նիկիան մերօրեայ Իզնիքն է՝ Պուրսայի հիւսիս-արեւմուտքին։ Նիկիոյ առաջին տիեզերական ժողովը համաքրիստոնէական նշանակութիւն ունի։ Արդարեւ, առաջին դարերէն ի վեր քրիստոնեաներու միջեւ միշտ քննարկման նիւթ դարձած էր՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսի նոյնաժամանակ թէ՛ մարդ եւ թէ Աստուած ըլլալու պարագան։ Բնոյթի վերաբերեալ այս նիւթը պարզելու առաջադրութեամբ Նիկիոյ առաջին տիեզերական ժողովը կազմակերպուած էր՝ Հռոմի Կոնստանդին կայսեր կողմէ։ Քրիստոնէական պատմութեան մէջ աննախընթաց այս տիեզերական ժողովին ձեւակերպուած էր Հաւատամքը, որով համառօտ ամփոփուած էին քրիստոնէութեան վարդապետութեան մասին նիւթեր, նաեւ սահմանուած էր Զատկի տօնակատարութեան ժամանակը։ Այդ ժողովին մասնակցած էր 318 եպիսկոպոս։ Կար նաեւ Հայաստանէն մասնակից մը՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ երկրորդ լուսաւորիչ՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի որդին՝ Արիստակէսը։ Ըստ աւանդութեան՝ Արիստակէս Նիկիոյ առաջին տիեզերական ժողովի որոշումները կը տանի Հայաստան ու զանոնք կը ներկայացնէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչին։ Այս վերջինը որոշումները կը ներմուծէ Հայ Եկեղեցւոյ դաւանաբանութեան եւ ծիսակարգին մէջ։

Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքը այս յոբելեանին համար պաշտօնապէս հրաւէր ուղղած է Սրբազան Պապին, ինչ որ յայտնի կը դառնայ հրապարակումներէն։ Ըստ էութեան, այս յոբելեանին բնոյթը համաքրիստոնէական է։ Ուստի, ամենայն հաւանականութեամբ քրիստոնէական բոլոր եկեղեցիներու պետերուն տեսականօրէն կրնայ հրաւէր ուղարկուիլ այս եզակի տարեդարձին առթիւ։ Այս շրջանակին մէջ չի բացառուիր, որ Ֆէնէրէն հրաւէր մըն ալ ուղարկուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, որպէսզի Ամենայն Հայոց Հայրապետն ալ մասնակից դառնայ յոբելեանին։ Յամենայնդէպս, հասկնալի է, որ դեռ շատ վաղ է այս բոլոր ուղղութիւններով յստակութիւն ակնկալելու համար։

Ուրբաթ, Յուլիս 12, 2024