ԻՍՔԵՆՏԷՐՈՒՆԻ ՄԷՋ ՀՐՃՈՒԱՆՔ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան կը շարունակէ իր ուղեւորութիւնը դէպի Թուրքիոյ հարաւային շրջանի մեր եկեղեցիները։ Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին ընդառաջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շրջագայութիւն մը կ՚իրականացնէ դէպի գաւառ։ Այցելութեան ծրագիրը աւարտին պիտի հասնի Վաքըֆլըգիւղի մէջ։ Ուղեւորութեան սկիզբին Մերսին այցելելէ վերջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը անցաւ Իսքենտէրուն, ուր երէկ իր անդրանիկ հովուապետական այցելութիւնը տուաւ տեղւոյն Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցին։ Նորին Ամենապատուութեան ներկայութիւնը բացառիկ ոգեւորութեան մթնոլորտ ստեղծեց մեր այս սրբավայրին մէջ։ Ներկայ էին գաւառի հոգեւոր տեսուչ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան եւ գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ «Հրաշափառ»ի արարողութեան մասնակցեցաւ նաեւ Իսքենտէրունի լատին եկեղեցւոյ հովիւը՝ Հայր Տարիուս վարդապետը։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ սիրոյ սեղան մըն ալ սարքուեցաւ ի պատիւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։

Միւս կողմէ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը խորհրդակցութիւն մըն ալ ունեցաւ Իսքենտէրունի, Քըրըքխանի եւ Վաքըֆլըգիւղի մեր եկեղեցիներու ծխական խորհուրդներու ներկայացուցիչներուն հետ։

Ուրբաթ, Օգոստոս 12, 2022