ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԵՐԷԿ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ՆԱԽԱՐԱՐ ՎԻԳԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՀԵՏ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայաստանի նորանշանակ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանը։ Ներկայ էր նաեւ Հայաստանի զինեալ ուժերու հոգեւոր առաջնորդ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեան։
Զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը շնորհաւորեց Վիգէն Սարգսեանը եւ անոր յաջողութիւն մաղթեց պաշտպանութեան նախարարի պատասխանատու պաշտօնին մէջ։
Իր հերթին, Վիգէն Սարգսեան ըսաւ, թէ անհրաժեշտ է ազգ եւ բանակ հասկացութիւններու նոյնացումը։ Այս հիման վրայ ան ներկայացուց նախարարութեան կողմէ նախատեսուած ծրագրերը՝ բանակ-հասարակութիւն կապերու ամրապնդման ուղղութեամբ։
Վերյիշելով Արցախ կատարած իր վերջին այցելութիւնը՝ Նորին Սրբութիւնը գոհունակութեամբ հաստատեց հայ զինուորին մօտ նկատած յանձնառութիւնն ու գիտակցութիւնը։
ՊԱՐԳԵՒԱԲԱՇԽՈՒՄ
Միւս կողմէ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ պարգեւաբաշխման արարողութիւն մը։ Այսպէս, Վեհափառ Հայրապետը Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ «Սուրբ Սահակ-Սուրբ Մեսրոպ» պատուոյ բարձր շքանշանը յանձնեց Տաճատ Վարդանեանին։ Հայաստանի Ճարտարապետութեան եւ շինարարութեան ազգային համալսարանի փոխ-տեսուչ Մարինէ Ղազարեանն ալ պարգեւատրուեցաւ «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» շքանշանով։ Այս առթիւ Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատեց անոնց եկեղեցանուէր երկարամեայ ծառայութիւնը եւ բարի վաստակը Հայոց Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս։