ԼԻՒՔՍԵՄՊՈՒՐԿԻ ՄԷՋ ՀԱՅ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԱՍԻՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ ՄԸ

Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան վերջերս Լիւքսեմպուրկի Ս. Միշել եկեղեցւոյ մէջ մասնակցեցաւ գիտաժողովի մը։ «Հայկական ներկայութիւնը Սուրբ Երկրի մէջ» խորագրեալ այս հաւաքոյթը կազմակերպուած էր Լիւքսեմպուրի Մեծ Դքսութեան «Քոնֆերանս-Սեն Իվ» կաթողիկէ իրաւաբաններու գիտական խումբին կողմէ, որ ստեղծուած է 1916 թուականին։ Հաւաքոյթի ընթացքին ելոյթ մը ունեցաւ նաեւ Հոլանտայի եւ Լիւքսեմպուրկի մօտ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Բալայեան։ Բանախօսութիւնով մը հանդէս եկաւ գիտնական Սօսի Անտեզեան, որ անցեալին աշխատանք տարած է նաեւ Ֆրանսայի Գիտական հետազօտութիւններու ազգային կեդրոնէն ներս։

Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանն ալ ելոյթին մէջ տեղեկութիւններ փոխանցեց Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան, Հայ Եկեղեցւոյ նուիրապետութեան մէջ անոր ունեցած դիրքին եւ Սրբոց Յակոբեանց հայոց վանքին մասին։

Նորին սրբազնութեան հրաւէրով կատարուեցաւ նաեւ միասնական աղօթք մը։

Հաւաքոյթին ներկայ գտնուեցան հոգեւոր առաջնորդներ, դիւանագիտական շրջանակներէ ներկայացուցիչներ, բարձրաստիճան պաշտօնեաներ եւ հիւրեր։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2022