ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Ասորի ուղղափառ Եփրեմ Բ. Պատրիարքը։ Կաթողիկոսարանի հանդիպման ընթացքին կողմերը անդրադարձան Սուրիոյ մէջ ստեղծուած կացութեան եւ այդ կապակցութեամբ քրիստոնեայ համայնքներու մօտեցման։ Անոնք կարեւորութեամբ շեշտեցին միասին գործելու եւ հաւաքական տեսակէտներ ճշդելու հրամայականը։

Անթիլիասի աղբիւրներու հաղորդումներով, կաթողիկոսն ու պատրիարքը շօշափեցին նաեւ՝ Նիկիոյ Ա. տիեզերական ժողովի 1700-ամեակի նշման ուղղութեամբ ձեռնարկուած աշխատանքները։

Զրոյցին ներկայ էին նաեւ Անթիլիասի միաբաններէն Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան, Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան եւ Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան։

Երկուշաբթի, Յունուար 13, 2025