ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՒ ՌԱԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՀԵՏ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մարոնիտներու Ռաի Պատրիարքին հետ։ Նորին Սրբութեան ընկերացաւ Լիբանանի խորհրդարանի հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի։ Ռաի Պատրիարքի կողքին էր իր փոխանորդը՝ Փոլ Սայյահ Արքեպիսկոպոսը։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Մարոնիտ եկեղեցւոյ կեդրոնատեղիին՝ Պըքերքէի մէջ։ Հարկ է նշել, որ Ռաի Պատրիարք վերջերս այցելութիւն մը տուած էր Անթիլիաս եւ շաբաթավերջի այս այցելութիւնով Արամ Ա. Կաթողիկոս փոխադարձած եղաւ այդ մէկուն։ Երկու հոգեւոր առաջնորդները միջոցէ մը ի վեր սերտ շփման մէջ կը գտնուին՝ Լիբանանի մօտալուտ նախագահական ընտրութիւններուն ընդառաջ։

Արամ Ա. Կաթողիկոս եւ Ռաի Պատրիարք այս շրջանին աշխատանք կը տանին Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու մասնակցութեամբ ժողով մը ապահովելու առաջադրութեամբ՝ երկրի քրիստոնեայ երեսփոխաններն ալ ընդգրկելով։ Այս հարթութեան վրայ կը ծրագրուի նախագահական ընտրութիւններուն շուրջ լայնախարիսխ խորհրդակցութիւն մը կատարել։ Շաբաթավերջի հանդիպման ընթացքին Արամ Ա. Կաթողիկոս եւ Ռաի Պատրիարք այս նախաձեռնութեան ընդհանուր արժեւորումը եւ գործնականացման քայլերը քննարկեցին։ Կիլիկեան Աթոռի աղբիւրներու հաղորդումներով, Ռաի Պատրիարք Նորին Սրբութեան ներկայացուց քրիստոնեայ կողմերուն հետ կատարած խորհրդակցութիւններուն ընդհանուր պատկերը եւ քաղաքական ուժերու դիրքորոշումները։ Իր կարգին, Արամ Ա. Կաթողիկոս շեշտեց ջանքերու շարունակուիլը, ի հարկին տարբեր ձեւաչափերով՝ նկատի ունենալով հանրապետութեան նախագահի արագ ընտրութեան հրամայականը։ Սա կը բխի երկրի եւ անոր ժողովուրդի գերագոյն շահերէն։ Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդգծեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ամբողջութեամբ կը զօրակցի երկխօսութեան անհրաժեշտութեան։

Հանդիպումէն վերջ յայտարարուեցաւ, որ Ռաի Պատրիարք պիտի շարունակէ խորհրդակցութիւնները՝ երկիրը դուրս բերելու համար առկայ տագնապալի կացութենէն։

Երկուշաբթի, Փետրուար 13, 2023