ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՈՒ ՇՔԵՂ ՏԱՐԵԴԱՐՁ
Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը շաբաթավերջին համայնքային կեանքէն ներս դարձաւ անմիջական ուշադրութեան առարկայ։ Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 160-ամեայ յոբելեանին ձօնուած կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Պատարագիչն էր Տ. Եղիա Քհնյ. Քէրվանճեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Զատիկ Աբեղայ Պապիկեան։
Զանազան թաղերէ փութացած հաւատացեալներ առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ լեցուցած էին եկեղեցին, ուր օրուան պատգամը տուաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութ, Ժիլպէռ Սրկ. Քարափէքմէզ եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Վառվառեան Դպրաց Դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Եդուարդ Պետոյեանի եւ երգեհոնի ընկերակցութեամբ Սեւան Արապօղլուի։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան, թաղի երբեմնի վարժարանի շէնքէն ներս։ Ընդհանուր փոխանորդը գլխաւորեց նաեւ աշխարհիկ հանդիսութիւնը իր կողքին ունենալով հայր սուրբն ու պատարագիչ տէր հայրը։ Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ արարողութիւններուն նախագահելէ վերջ, սիրոյ սեղանի հանգրուանին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։
Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարուժան Թավրա եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները, որոնց շարքին կը գտնուէին համայնքային զանազան մարմիններէ ներկայացուցիչներ։
Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ հանդիսավարութեամբ Վահրամ Լիւլէճեանի, որ կատարեց նաեւ մեներգ մը։ Խօսք առաւ Վարուժան Թավրա, որ ընդգծեց, թէ այժմու թաղային խորհուրդը տասնհինգ տարիէ ի վեր ստանձնած է եկեղեցւոյ վարչութեան ղեկը։
Գեղարուեստական բաժնին մէջ բոլորը հաճոյքով ունկնդրեցին Վառվառեան երգչախումբին կողմէ ներկայացուած տոհմիկ երգերուն, գլխաւորութեամբ Արտաշէս Եահնիեանի։ Այս փուլին խօսք առաւ նաեւ Կարպիս Մոսկոֆեան։
Աւելի վերջ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան արտասանեց իր սրտի խօսքը, իսկ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան՝ փակման աղօթքը։
Ներկաները հրաժեշտ առնելէ առաջ իրենց գնահատանքն ու զօրակցութիւնը արտայայտեցին թաղային խորհուրդին նկատմամբ՝ որպէսզի միշտ վառ մնայ մեր այս գողտրիկ եկեղեցւոյ կանթեղը։
Եկեղեցական
- 11/27/2024