ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը նա­խըն­թաց օր Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ ըն­դու­նեց Ռուս Ուղ­ղա­փառ Ե­կե­ղեց­ւոյ կող­մէ բարձ­րաս­տի­ճան հո­գե­ւո­րա­կան մը։ Այս­պէս, Նո­րին Սրբու­թեան կող­մէ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Ռու­սաս­տա­նի Նիժ­նի Նով­կո­րո­տի եւ Ար­զա­մա­սի Կէոր­կի Մետ­րա­պո­լի­տը։ Ներ­կայ էր նաեւ Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Ռու­սաս­տա­նի եւ Նոր Նա­խի­ջե­ւա­նի Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Եզ­րաս Արք. Ներ­սի­սեան։

Հարկ է նշել, որ ռուս մետ­րա­պո­լի­տը ներ­կա­յիս ուխ­տագ­նա­ցու­թիւն մը կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ դէ­պի Հա­յաս­տան եւ սերտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն հաս­տա­տած է Ռու­սաս­տա­նի եւ Նոր Նա­խի­ջե­ւա­նի հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նին հետ։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ող­ջու­նեց հիւր մետ­րա­պո­լի­տը եւ անդ­րա­դար­ձաւ Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան եւ Ռուս Ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ջերմ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն։

Ռուս բարձ­րաս­տի­ճան հո­գե­ւո­րա­կա­նը ըն­դու­նե­լու­թեան հա­մար յայտ­նեց իր ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը եւ հա­ւաս­տիա­ցուց, թէ գտնուե­լով Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի եւ Հա­յաս­տա­նի մէջ ա­նոնք ինք­զինք­նին կը զգան հա­րա­զատ մթնո­լոր­տի մը մէջ, մօ­տէն կը զգան հայ ժո­ղո­վուր­դի հիւ­րըն­կալ ո­գին ու կը հա­ղոր­դակ­ցին բարձր հո­գե­ւոր ար­ժէք­նե­րու հետ։ Կէոր­կի Մետ­րա­պո­լի­տը նշեց, թէ հայ ժո­ղո­վուր­դի կե­նաց ծա­ռը խարս­խուած է Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ վրայ։

Ըն­դու­նե­լու­թեան ա­ւար­տին մետ­րա­պո­լի­տին ըն­կե­րա­կից ռուս հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րը հան­դէս ե­կան հո­գե­ւոր եւ ժո­ղովր­դա­կան զա­նա­զան եր­գե­րու կա­տա­րում­նե­րով։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 13, 2016