ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ

Վեհափառ Հայրապետը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի արուարձաններէն Արաբկիրի նորակառոյց եկեղեցւոյ համայնքէն խումբ մը ուխտաւորներ։ Բաց աստի, Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Պրազիլիոյ հայոց թեմէն խումբ մը երիտասարդներ՝ գլխաւորութեամբ թեմակալ առաջնորդ Տ. Նարեկ Եպսկ. Պէրպէրեանի։

Ուրբաթ, Յուլիս 13, 2018