ՎԵՀԱՓԱՌԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԿԱՐՏԻՆԱԼ ՓԱՐՈԼԻՆԸ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Վատիկանէն պատուիրակութիւն մը։ Այսպէս, Սուրբ Աթոռի պետական քարտուղար կարտինալ Փիէթրօ Փարոլին ներկայիս տարածաշրջանային այցելութեան մը ձեռնարկած է եւ այս ծիրէն ներս շփումներ ունեցաւ Հայաստանի մէջ։ Վեհափառ Հայրապետին հետ տեսակցութեան ընթացքին կարտինալին հետ էր նաեւ Երեւանի մօտ Սուրբ Աթոռի առաքելական նուիրակ Ժոզէ Աւելինու Պեթանքուր Արքեպիսկոպոսը։ Նորին Սրբութեան հետ էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի վարիչ Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան եւ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ ու Վատիկանի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։ Ներկայ էր նաեւ Վատիկանի մօտ Հայաստանի դեսպան Կարէն Նազարեան։

Ողջունելով կարտինալ Փիէթրօ Փարոլինը հայոց հոգեւոր կեդրոնին մէջ՝ Վեհափառ Հայրապետը կարեւորեց իր այցելութիւնը տարածաշրջան։ Ան գոհունակութիւն յայտնեց Հայաստանի եւ Արցախի առջեւ ծառացած առկայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման ի նպաստ Վատիկանի կողմէ գործադրուած ջանքերուն համար։

Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ Արցախի շրջափակման եւ ստեղծուած մարդասիրական աղէտին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի առջեւ ծառացած անվտանգային խնդիրներուն։ Ան այս առումով կարեւորեց միջազգային հանրութեան գործնական միջամտութիւնը՝ կասեցնելու համար Ատրպէյճանի ծաւալապաշտ նկրտումները, յարձակողական գործողութիւնները, նաեւ Արցախի հայութեան ինքնորոշման իրաւունքը պաշտպանելու տեսակէտէ։

Իր կարգին, կարտինալ Փիէթրօ Փարոլին Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեց Հռովմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապի եղբայրական ողջոյնները։ Ան ընդգծեց, որ Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական մշտական ներկայացուցչութեան Երեւանի մէջ հաստատուած ըլլալը կը նպաստէ Վատիկանի եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միջեւ համագործակցութեան առաւել սերտացման։ Անդրադառնալով իր տարածաշրջանային այցելութեան՝ կարտինալը նշեց, որ ան կը կրէ մարդասիրական բնոյթ ու կը հետապնդէ Հայաստան-Ատրպէյճան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման նպաստելու նպատակը։ Կարտինալ Փիէթրօ Փարոլին յայտնեց, որ վերջնական խաղաղութեան հասնելու գործընթացը բարդ է, որովհետեւ կան բազմաթիւ խոչընդոտներ եւ այս առումով ակնկալուած արդիւնքները տակաւին չեն արձանագրուած։

Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը զրոյցի ընթացքին իր գոհունակութիւնը յայտնեց ներկայ դժուարին շրջանին Սուրբ Աթոռին ու անոր սրբազան գահակալին կողմէ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին ի նպաստ ցուցաբերուած զօրակցութեան ու աջակցութեան համար։ Նորին Սրբութիւնն ալ փոխանցեց իր եղբայրական ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնները՝ իր հոգեւոր եղբօր՝ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին։

Միւս կողմէ, կարտինալ Փիէթրօ Փարոլին Երեւանի մէջ երէկ ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։

Հինգշաբթի, Յուլիս 13, 2023