ԳԷՈՐԳԵԱՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ՃԵՄԱՐԱՆԸ ԿԸ ԿԵՐՏԷ ԳԻՏԱԿ ՈՒ ՀԱՒԱՏԱՒՈՐ, ՀՈԳԵՒՈՐ ՍՊԱՍԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՆԱԽԱՆՁԱԽՆԴԻՐ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄՇԱԿՆԵՐ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի 2018-19 ուսումնական տարուան բացման արարողութիւնը, որուն նախագահեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ Ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճի երդիքին տակ կազմակերպուած հանդիսութիւնը սկսաւ Տէրունական աղօթքով, որմէ վերջ կատարուեցաւ ուսանողներու օրհնութեան կարգ։ Հնչեցին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ճեմարանի օրհներգները։
Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։ Այս առթիւ հայր սուրբը տեղեկացուց, որ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանը նոր ուսումնական տարիին կը սկսի 102 սաներով եւ մագիստրոսութեան պատրաստուող 7 ուսանողով։ Ճեմարանը ունի 22 հոգեւորական եւ 35 աշխարհական դասախօս։ Տեսուչ հայր սուրբը խօսեցաւ նաեւ իրականացուած ուսումնական ծրագրերու, շարք մը առարկաներու համար պատրաստուած դասագիրքերու, ինչպէս նաեւ ամառնային արձակուրդներու ընթացքին Հայաստանի եւ սփիւռքի թեմերէն ներս ճեմարանականներու մատուցած ծառայութիւններու մասին։ Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան ըսաւ.
«Գիտելիքը մարդուն կշիռ կու տայ, իսկ անոր արարքները իւրայատուկ փայլ կու տան իրեն։ Մշտապէս պիտի փորձէք ոչ միայն փայլիլ ձեր արարքներով, այլեւ առաքինութեամբ լի, ձեր իմաստութեամբ լի նմանիլ մեր Արարչին՝ դառնալով իր իսկական գործակիցները այս աշխարհի վրայ։ Ձեր ապագայ առաքինութիւնը առաւել նուիրական կը դառնայ, քանզի հայասիրութեան եւ էջմիածնասիրութեան սերմերը պիտի ցանէք մարդոց հոգիներուն մէջ, որոնցմէ շատերը կրնան ըլլալ պարարտ հող, ու այդ գործը կատարել դիւրին կ՚ըլլայ եւ ուրիշները՝ ապառաժ, որոնց մէջ դժուար կ՚ըլլայ սերմ ցանել։ Չվհատիլ ու վերստին չվհատիլ, որովհետեւ Տիրոջ օրհնութեամբ ու խաչի զօրութեամբ նորօրեայ հոգեւորականի համար ստեղծուած է ամէն հնարաւորութիւն ապառաժը հերկելու»։
Ցերեկոյթի ընթացքին Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի սաները հանդէս եկան ժողովրդական երգերու կատարումներով՝ ղեկավարութեամբ Արտաշէս Պապուրեանի։
Այնուհետեւ ներկաներուն իր օրհնութիւններն ու հայրական պատգամը փոխանցեց Նորին Սրբութիւնը։ Գոհունակութիւն յայտնելով նոր ուսումնական տարուայ բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ գտնուելու առիթով՝ Վեհափառ Հայրապետը նշեց, որ տարեսկիզբի իւրաքանչիւր նման հանդիսութիւն յոյսի եւ վստահութեան զգացումով կը լեցնէ բոլորի հոգիները, թէ Հայաստանեայց Եկեղեցին տարի մը անց կրկին Տիրոջ խօսքի քարոզչութեան եւ առաքելութեան նոր մշակներ պիտի ունենայ։ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ.
«Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանը արդէն 144 տարիէ ի վեր նուիրական առաքելութիւն կ՚իրականացնէ՝ կերտելու ու դաստիարակելու գիտակ ու հաւատաւոր, հոգեւոր սպասաւորութեան նախանձախնդիր Աստուծոյ մշակներ՝ որպէսզի ըլլան Ս. Աւետարանի բարեջան մատռուակները՝ հոգեւոր լոյսով առաջնորդելով մեր ժողովուրդը եւ հաստատուն պահելով դէպի Աստուած անոր ընթացքը։
«Սիրելիներ, այսօր, ի շարս այլ խնդիրներու ու մարտահրաւէրներու, մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ առաքելութեան արդիւնաւորման կարեւորագոյն պայմաններէն են եկեղեցականի հոգեւոր խոր ապրումը ու անոր կենսագործումը տէրունապատուէր առաքելութեան մէջ ու մեր հայրերէն մեզի աւանդուած դպրութիւնն ու գիտութիւնը, յատկապէս եկեղեցագիտական ու Աստուածաբանական ճանաչողութիւնը։ Անշուշտ, եկեղեցական կեանքը անմիջականօրէն կը ծագի իր հիմնադրի՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի անձէն ու Աւետարանէն, բայց եկեղեցագիտական իմացութիւնը, աստուածաբանական միտքը՝ լուսաբանելով եկեղեցական կեանքը, հաւատքի հիմնադրոյթները, նոր սկզբունքներ ու մօտեցումներ կ՚առաջադրէ նաեւ ներկայի եւ ապագայի համար։ Այդ գիտութեամբ զինուած իմաստուն եւ խոհեմ մշակները ունակ են զատելու ցորենը որոմէն, պիտանին՝ անպիտանէն։ Հաւատով ու գիտելիքով կոփուած խոփն է ի զօրու հերկելու մեր ազգային-եկեղեցական կեանքի դաշտը՝ աւետարանական սերմի համար պարարտ ու նպաստաւոր հող ապահովելու համար»։
Խօսքը ուղղելով ճեմարանականներուն Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, որ սուրբգրային իմաստութեամբ գիտութեան մղումն ու նախանձախնդրութիւնը կը կարեւորուին ոչ միայն իմացութեան ամբարումով, այլեւ այդ գիտելիքը հաւատի ու աղօթքի բովի մէջ փորձելով։ «Հետեւաբար, իմաստութեան ու գիտելիքի ձեր ամբարման միախառնեցէք աղօթքի ու հոգեւոր զգացումի սրբագործող շաղախը, յղկեցէք ու յստակեցուցէք ձեզի համար Աստուծոյ եւ մեր ժողովուրդին ծառայելու տեսլականը։ Ս. Եզնիկ Կողբացիի խօսքով՝ «աղօթեցէք հաւատով, ապրեցէք յոյսով, արարեցէք սիրով»։ Սա թող դառնայ ձեզի համար Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի նոր ուսումնական այս տարուան նշանաբանը», պատգամեց Վեհափառ Հայրապետը։
Ուսումնական տարուայ բացման առթիւ Նորին Սրբութիւնը հայրապետական գնահատանքի ու օրհնութեան խօսք ուղղեց դասախօսներուն, որոնց վստահուած է եկեղեցւոյ սրբազան առաքելութեան սպասաւորներ պատրաստելու նուիրական առաքելութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ իր գնահատանքը փոխանցեց ճեմարանի տեսչական անձնակազմին՝ մաղթելով նոր եռանդ եւ ուժ՝ գալիք ուսումնական տարուան մէջ նորանոր ձեռքբերումներով արդիւնաւորելու ճեմարանի ուսումնական կեանքի կազմակերպումը։
Վերջաւորութեան Ամենայն Հայոց Հայրապետը մաղթեց, որ Աստուած գիտութեան ամուր հիմքով, աղօթքի լուսաւոր սիւներով ու նուիրումի աներեր գմբէթով պսակէ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանը՝ առաւել նախանձախնդրութիւն եւ ուսումնատենչութիւն պարգեւելով սաներուն, դասախօսներուն եւ տեսչական կազմին։
Հանդիսութիւնը աւարտին հասաւ «Պահպանիչ» աղօթքով։