ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԱՊԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱԿԻՆ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ԱՅՑԸ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Անդրկովկասէ ներս Վատիկանի Սուրբ Աթոռի առաքելական նուիրակ Ժոզէ Աւելինօ Պեթանքուր Արքեպիսկոպոսը, որ իր առաքելութեան ժամկէտի աւարտին հասած է։ Հրաժեշտի հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը ջերմօրէն ողջունեց պապական նուիրակը եւ իր բարձր գնահատանքը յայտնեց անոր կողմէ երկու աթոռներու փոխյարաբերութիւններու առաւել սերտացման ուղղեալ ջանքերուն համար։ Ան կաթոլիկ արքեպիսկոպոսին նորանոր ձեռքբերումներ մաղթեց ապագայ սրբազան առաքելութեան մէջ։

Զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ հաստատեց, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Վատիկանի միջեւ ձեւաւորուած են եղբայրական ու ջերմ յարաբերութիւններ, որոնց վառ ապացոյցներն են Հռոմի սրբազան քահանայապետներուն՝ Յովհաննէս-Պօղոս Բ. եւ Ֆրանսիսքոս Ա. պապերու այցելութիւնները Հայաստան ու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, նաեւ Ամենայն Հայոց Հայրապետին փոխադարձ այցելութիւնները Վատիկան եւ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ կողմէ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի «Տիեզերական վարդապետ» հռչակուիլը։

Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ նաեւ տարածաշրջանէն ներս առկայ մարտահրաւէրներուն, Արցախէն բռնութեամբ տեղահանուած հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան ու մարդասիրական խնդիրներու։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց այս կապակցութեամբ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ կողմէ ներդրուած ջանքերուն համար։

Իր կարգին, Պեթանքուր Արքեպիսկոպոսը խորին շնորհակալութիւն յայտնեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին ջերմ ընդունելութեան համար։ Ան նշեց, որ ապագային եւս պիտի շարունակէ առաւելագոյն չափով իր նպաստը բերել երկու եկեղեցիներու եղբայրական յարաբերութիւններու զօրացման։

Վեհարանի երէկուան զրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Արցախի հոգեւոր, մշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ Ատրպէյճանի մէջ ցարդ պահուած հայ գերիներու վերադարձման խնդիրներուն։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 13, 2023