ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ՆՈՐ ԿԱԼՈՒԱԾՈՑ ՏԵՍՈՒՉ ՆՇԱՆԱԿԵՑ Ս. ԱԹՈՌԻՆ ՀԱՄԱՐ

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանէն երէկ հասան ուշագրաւ լուրեր, որոնք կը վերաբերին կալուածոց նոր տեսուչի մը նշանակման։ Այսպէս, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանի տնօրինութեամբ՝ Տ. Պարէտ Ծայրագոյն Վարդապետ Երէցեան ազատուած է Ս. Աթոռի կալուածոց տեսուչի պաշտօնէն։ Նորին Ամենապատուութիւնը զուգահեռ այլ տնօրինութիւնով մըն ալ նոր կալուածոց տեսուչի պաշտօնին կոչած է Տ. Կորիւն Վրդ. Պաղտասարեանը, որ, միեւնոյն ժամանակ, Պատրիարքարանի դիւանապետն է։ Ս. Աթոռի աղբիւրները այս նոր կարգադրութիւններու պատճառներուն շուրջ որեւէ մանրամասնութիւն չեն հաղորդած։ Մօտաւոր անցեալի աղմկայարոյց իրադարձութիւններէն կարելի է յիշել, որ Պատրիարքարանի «Կովերու պարտէզ» ազգապատկան կալուածի վերաբերեալ գործարքը զուգադիպած էր այն ժամանակաշրջանին, երբ Տ. Պարէտ Ծայրագոյն Վարդապետ Երէցեան կը պաշտօնավարէր որպէս կալուածոց տեսուչ։

Հարկ է յիշեցնել, որ Տ. Պարէտ Ծայրագոյն Վարդապետ Երէցեան սաղիմական այն միաբանն է, որուն եպիսկոպոս ձեռնադրուիլը նպատակայարմար չէր գտնուած Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին կողմէ։

Շաբաթ, Յունուար 14, 2023