ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՉԻՆԱՍՏԱՆԻ «ՊՈՅԱ» ԳԻՏԱՀԵՏԱԶՕՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Չինաստանի «Պոյա» գիտահետազօտական կեդրոնի պատուոյ նախագահ Ռուի-Ցի Լիյուի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։ Հիւրերը Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուցին՝ Փեքինի մէջ տեղակայուած կեդրոնի գործունէութիւնն ու ծրագրերը։ Այս խումբը Հայաստան կ՚այցելէ՝ ուսումնասիրելու համար հայկական մշակոյթը, աւանդութիւնները, Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւնն ու գործունէութիւնը։
Իր կարգին, Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց կեդրոնի ներկայացուցիչները՝ Հայաստանէ ներս նմանօրինակ նախաձեռնութիւն մը իրականացնելու համար։ Ան անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս Սուրբ Էջմիածնի առաքելութեան՝ մասնաւորապէս ընդգծելով, որ քրիստոնէական հաւատքը կարեւոր դերակատարութիւն ունի ազգային ինքնութեան, հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան կերտման, ինչպէս նաեւ ազգապահպանման ուղղութեամբ։
Զրոյցի տեւողութեան Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ անդրադարձաւ նաեւ հայ-չինական պատմական յարաբերութիւններուն եւ Չինաստանէ ներս վերջին շրջանին ձեւաւորուած փոքրաթիւ հայ համայնքի կեանքին։ Ան յոյս յայտնեց, թէ «Պոյա» գիտահետազօտական կեդրոնի նախաձեռնութիւնը կը նպաստէ երկու ժողովուրդներու փոխադարձ ճանաչման խորացման եւ կապերու առաւել սերտացման։
Լիյու տեղեկութիւններ փոխանցեց նաեւ Անատոլուի պատմականօրէն հայաբնակ շրջաններէ եւ Թիֆլիզէ ներս՝ արդէն իսկ իրականացուած հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան ուսումնասիրութիւններու եւ ապագայ ծրագրերու մասին։