ՎԱՐԴԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՍՏԻՃԱՆ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հանդիսութիւններու սրահին մէջ տեղի ունեցաւ վարդապետական թեզի բանաւոր պաշտպանութիւն։ Այսպէս, Սուրբ Էջմիածնի միաբաններէն Տ. Անանիա Աբեղայ Ծատուրեան պաշտպանեց իր մասնաւոր վարդապետական աստիճան ստանալու համար պատրաստած թեզը։ «Վանականներու ուխտադրութեան կարգը Հայոց Եկեղեցւոյ մէջ» նիւթին մասին էր հայր սուրբին թեզը։

Յանձնաժողովի նախագահն էր Տաւուշի թեմի առաջնորդ Տ. Բագրատ Եպսկ. Գալստանեան։ Կազմին մէջ էին՝ Արագածոտնի թեմի առաջնորդ Տ. Մկրտիչ Եպսկ. Պռոշեան, Մասիացոտնի թեմի առաջնորդ Տ. Գէորգ Եպսկ. Սարոյեան եւ Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ ու Երեւանի Պետական համալսարանի աստուածաբանութեան ֆաքիւլթէի տեքան Տ. Անուշաւան Եպսկ. Ժամկոչեան։ Պաշտպանութեան ընթացքին թեկնածու հայր սուրբը ներկայացուց իր վարդապետական թեզը եւ պատասխանեց յանձնաժողովի անդամներու հարցումներուն։ Յաւարտ բանաւոր պաշտպանութեան, քննիչ յանձնախումբը դրական եզրակացութիւն տուաւ վարդապետական թեզի պաշտպանութեան եւ արժանի համարեց թեկնածուն՝ մասնաւոր վարդապետական աստիճանի տուչութեան։

Նոյն օրը, ըստ ձեւաւորուած աւանդութեան, Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ, Օշականի Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցւոյ մէջ մասնաւոր վարդապետութեան աստիճան տրուեցաւ Տ. Անանիա Աբեղայ Ծատուրեանին՝ ձեռամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններէն Տ. Արարատ Եպսկ. Գալթագճեանի։

Այնուհետեւ Տ. Անանիա Վրդ. Ծանուրեան Վեհարանի մէջ ընդունուեցաւ Ամենայն Հայոց Հայրապետին կողմէ։ Ներկայ էին նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան եւ Տ. Արարատ Եպսկ. Գալթագճեան։ Այս առթիւ Վեհափառ Հայրապետը շնորհաւորեց վարդապետական աստիճանի արժանացած հայրը սուրբը եւ իր պատգամն ու օրհնութիւնը տուաւ անոր՝ բարձր գնահատելով երկարամեայ նուիրեալ ու խոնարհ ծառայութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս։ Նորին Սրբութիւնը վստահութիւն յայտնեց, թէ նորընծայ վարդապետը առաւել պատասխանատուութեամբ պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը նաեւ հաւատացեալ հայորդիներու հոգեւոր կրթութեան եւ դաստիարակութեան գործին մէջ։ Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը վարդապետական լանջախաչով մը զարդարեց Տ. Անանիա Վրդ. Ծատուրեանի կուրծքը եւ «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց զինքը։ Հարկ է նշել, որ Տ. Անանիա Վրդ. Ծատուրեան երկար ժամանակ եղած է Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին գաւազանակիրը։

Երեքշաբթի, Փետրուար 14, 2023