ՊԱՀՔԸ ԶԱՏՈՒԱԾ ՓԱՌԱԲԱՆԵԼՈՒ ՄԻՋՈՑ

Մեծ պահքի երեսուներկրորդ օրն է:

Պօղոս Ադրիանապոլսեցի Պատրիարքը պահքի ինչութիւնը հետաքրքրական կերպով կը ներկայացնէ, ըսելով, թէ՝ «պահքը միայն Աստուծոյ փառքին համար պէտք է ըլլայ»:

Դարձեալ կրկնենք, պահքը նիհարնալու, մեր մարմինին տեսքը կարգի բերելու առիթ չէ:

Պահքը սովորութիւն մը չէ, որ տարուան ընթացքին մէկ անգամ կը կատարենք:

Պահքը մեքենայականութիւն չէ, որ ընելու սիրոյն կը կատարենք:

Պահքը ուտել խմելուն մէջ չէ, այս սիրած կամ այն սիրած ուտելիքէն կտրուիլ:

Այլ՝

Պահքը Աստուծոյ փառքին համար պէտք է ըլլայ միայն:

Եթէ այսպէս կը մօտենանք պահեցողութեան, ապա մեր պահքը իր առատ պտուղները կու տայ, որ մեր կեանքը կը կերպարանափոխէ՝

Մեր երաշտը առատութեան փոխելով:

Մեր մէջի խաւարը փարատելով:

Մեր սեւութիւնը սպիտակութեան փոխելով:

Մեր սուգը ցնծութեան վերածելով:

Մեր լացը ուրախութիւն դարձնելով:

Մեր արցունքները քաղցրացնելով:

Մեր սիրտերը մաքրագործելով:

Մեր հոգիները գօտեպնդելով եւ զօրացնելով:

Այս բոլորին հասնելու համար սակայն, պէտք է մեր պահեցողութիւնը Աստուծոյ փառքին համար կատարենք, այսինքն՝

Մեր նպատակը ըլլայ զԱստուած հաճեցնել եւ ո՛չ թէ մեր մարմինները, կամ մեզ շրջապատողները:

Մեր նպատակը ըլլայ Աստուծմով մեր հոգին ու միտքը մաքրել, որպէսզի միշտ զԱստուած փառաւորենք:

Մեր նպատակը ըլլայ Աստուծմով մեր սիրտը մաքրել, որպէսզի Իրեն հաճելի բնակարան ըլլայ:

Մեր նպատակը ըլլայ Աստուծոյ կամքը գործադրել, որպէսզի այդ կերպով առիթ դառնանք որ մարդիկ Աստուծոյ գան:

Մեր նպատակը ըլլայ անմնացորդ կերպով մարդիկը սիրել, որովհետեւ մեր այդ արարքով է, որ յայտնի կը դառնայ թէ մենք Որո՛ւ աշակերտներն ենք (տե՛ս Յհ 13.35):

Հետեւաբար, մեր պահեցողութիւնը ծառայեցնենք զԱստուած փառաւորելու համար, միշտ եւ անդադար Իր Սուրբ Անունը մեծարենք եւ գոհութիւն յայտնենք Իրեն, Իր՝ մեզի ընծայած բոլոր բարերարութիւններուն համար, յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Մարտ 14, 2024