ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան վերջին օրերուն Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց կարգ մը խումբեր։ Այսպէս, Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանական վեհախորհուրդի նախագահ Անն Պրասէօրը, որ վերջին օրերուն շփումներ ունեցաւ Թուրքիոյ մէջ։ Անն Պրասէօր փափաքած էր ծանօթութիւն հաստատել Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց առաջնորդներուն հետ եւ այս ծիրին մէջ փութաց Պատրիարքարան։ Նորին Սրբազնութիւնը ջերմօրէն ողջունեց այս այցելութիւնը եւ յայտնեց իր գոհունակութիւնը։ Զրոյցի տեւողութեան Տ. Արամ Արք. Աթէշեան խօսեցաւ մեր համայնքային կեանքին եւ Պատրիարքական Աթոռի գործունէութեան շուրջ։ Ան կանգ առաւ նաեւ երկրէն ներս ձեռնարկուած բարեփոխումներուն՝ փոքրամասնութեանց կեանքին վրայ ունեցած դրական անդրադարձին վրայ։ Այս առումով Նորին Սրբազնութիւնը երախտագիտութեամբ ընդգծեց երկրի ղեկավարութեան կողմէ դրսեւորուած քաղաքական կամքը։
Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար՝ Անն Պրասէօր գոհ տպաւորութեամբ հրաժեշտ առաւ Պատրիարքարանէն։
Բաց աստի, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդը հիւրընկալեց իսթանպուլաբնակ նախկին արաբկիրցի խումբ մը համայնքային գործիչներ՝ գլխաւորութեամբ Օննիկ Նալպանտղազարօղլուի։ Զրոյցի ընթացքին Նորին Սրբազնութիւնը վերահասու դարձաւ, թէ վերջին տարիներու ձեւաւորուած նախընթացի հիման վրայ յառաջիկայ Սեպտեմբերին արաբկիրցիները կը պատրաստուին ուխտագնացութիւն մը իրականացնել դէպի Արաբկիր։ Իրենց գործունէութեան շուրջ մանրամասնութիւններ փոխանցելու ժամանակ անոնք մասնաւորապէս կանգ առին տեղւոյն գերեզմանատան բարեկարգման ջանքերուն վրայ։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան գնահատանքով արտայայտուեցաւ մեր ազգայիններուն կողմէ գործադրուած ջանքերուն շուրջ եւ անոնց մաղթեց յաջողութիւններ։ Նորին Սրբազնութիւնը առանձնապէս կարեւորեց յառաջիկայ ուխտագնացութիւնը, որու նախապատրաստութիւններուն համար ալ մաղթեց բարի ընթացք։
Արաբկիրցիները Պատրիարքարանէն հրաժեշտ առին՝ ստանալով Ընդհանուր Փոխանորդին օրհնութիւնները։
ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ
Միւս կողմէ, Պատրիարքարանի հրատարակչութեան բաժանմունքը լոյս ընծայեց հաւատացեալներու համար Պատարագամատոյց մը։ Պատրիարքական Աթոռը միջոցէ մը ի վեր նկատած էր հաւատացեալներու շրջանակէն ներս նման պահանջարկ մը եւ այս հիման վրայ արարողական գիրքերու շարքէն ներս հրատարակուեցաւ «Պատարագամատոյց» խորագրեալ հատորը։
Սոյն հատորին մէջ հաւաքուած են Ս. Պատարագի հաւատացեալ ժողովուրդին կողմէ լսուած մասերուն գրաբար բնագիրը, աշխարհաբար թարգմանութիւնը, լատինատառ տառադարձութիւնը եւ թրքերէն թարգմանութիւնը։ Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկին մեկենասութեամբ լոյս ընծայուած է գրքին, որու նախապատրաստական հանգրուաններուն շուրջ ու մանաւանդ գաղափարի հասունացման մասին մանրամասն բացատրութիւններ գրի առած է Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան։
Եկեղեցական
- 11/27/2024