ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը՝ Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը եւ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ զօ­րակ­ցու­թեան այ­ցե­լու­թիւն մը տուին Ար­ցախ։ Հարկ է նշել, որ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի վրայ գոր­ծուած վեր­ջին յար­ձա­կում­նե­րը յե­ղաշր­ջե­ցին հա­մայն հա­յու­թեան օ­րա­կար­գը եւ այս ի­րա­վի­ճա­կին մէջ եր­կու կա­թո­ղի­կոս­նե­րուն դէ­պի Ար­ցախ օրհ­նա­բեր ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ վառ հե­տաքրք­րու­թեան մը մթնո­լոր­տին մէջ։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը եւ Կի­լի­կեան Ա­թո­ռի գա­հա­կա­լը Ար­ցախ ու­ղե­ւո­րուե­ցան ինք­նա­թի­ռով։ Ստե­փա­նա­կեր­տի մէջ ա­նոնք դի­մա­ւո­րուե­ցան Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Ա­շուտ Ղու­լեա­նի եւ այլ բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­նե­րու կող­մէ։ Կա­թո­ղի­կոս­նե­րուն ըն­կե­րա­ցան Ար­ցա­խի Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Պար­գեւ Արք. Մար­տի­րո­սեան, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի դի­ւա­նա­պետ Տ. Ար­շակ Եպսկ. Խա­չատ­րեան, լու­սա­րա­րա­պետ Տ. Յով­նան Եպսկ. Յա­կո­բեան, Ռու­մա­նա­հա­յոց Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Տա­թեւ Եպսկ. Յա­կո­բեան, Հայ­կա­կան զի­նեալ ու­ժե­րու հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ Տ. Վրթա­նէս Եպսկ. Աբ­րա­հա­մեան, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի եւ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան միա­բան­ներ, ինչ­պէս նաեւ հրա­պա­րա­կա­գիր Զօ­րի Բա­լա­յեան եւ յայտ­նի բա­րե­րար Գաբ­րիէլ Չէմ­պէր­ճեան։

Ստե­փա­նա­կերտ ժա­մա­նե­լէ ան­մի­ջա­պէս վերջ եր­կու կա­թո­ղի­կոս­նե­րը հիւ­րըն­կա­լուե­ցան Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեա­նի կող­մէ։ Հան­դի­պու­մէն վերջ Ար­ցա­խի ղե­կա­վարն ու եր­կու կա­թո­ղի­կոս­նե­րը շրջայց մըն ալ կա­տա­րե­ցին Ստե­փա­նա­կեր­տի Վե­րած­նուն­դի հրա­պա­րա­կին վրայ՝ բարձր գնա­հա­տե­լով քա­ղա­քի բա­րե­կարգ­ման ուղ­ղեալ ջան­քե­րը։

Նոյն­պէս Ստե­փա­նա­կեր­տի մէջ եր­կու կա­թո­ղի­կոս­նե­րը այ­ցե­լե­ցին Կեդ­րո­նա­կան զի­նուո­րա­կան հի­ւան­դա­նոց, միշտ Ա­շոտ Ղու­լեա­նի ու­ղեկ­ցու­թեամբ։ Վեր­ջին բա­խում­նե­րուն հե­տե­ւան­քով վի­րա­ւո­րուած զի­նուոր­նե­րու դար­ման­ման ըն­թաց­քին եւ ա­ռող­ջա­կան վի­ճա­կին շուրջ տե­ղե­կու­թիւն­ներ քա­ղե­լէ վերջ, Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը եւ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սը այ­ցե­լե­ցին վի­րա­ւո­րեալ զի­նուոր­նե­րու սնար­նե­րը, ուր ա­նոնց փո­խան­ցե­ցին ի­րենց օրհ­նու­թիւնն ու քա­ջա­լե­րա­կան խօս­քը եւ ա­ղօ­թե­ցին՝ ա­րագ ա­պա­քին­ման հա­մար։

Եր­կու կա­թո­ղի­կոս­նե­րու դէ­պի Ար­ցախ զօ­րակ­ցու­թան այ­ցե­լու­թեան ա­մե­նա­վառ հանգ­րուան­նե­րէն մին ապ­րուե­ցաւ Գան­ձա­սա­րի պատ­մա­կան վան­քին մէջ, ո­րու սրբա­զան կա­մար­նե­րուն ներ­քեւ ա­ղօթք բարձ­րա­ցուե­ցաւ առ Աս­տուած խա­ղա­ղու­թեան հա­մար։ Եր­կու կա­թո­ղի­կոս­նե­րը «Հրա­շա­փառ»ի յու­զում­նա­լի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը հան­դի­սա­ւո­րա­պէս մուտք գոր­ծե­ցին Գան­ձա­սա­րի վան­քը։ Մուտ­քին ա­նոնք ող­ջու­նե­ցին այս պատ­մա­կան ա­ռի­թով հա­մախմ­բուած բա­զում հա­յոր­դի­նե­րը, ո­րոնց շար­քին կը գտնուէին զի­նուո­րա­կան­ներ, պա­տա­նի­ներ ու տա­րեց­ներ։ Ե­կե­ղե­ցա­կա­նաց ծան­րա­շուք թա­փօ­րը եր­կու կա­թո­ղի­կոս­նե­րը տա­ճար ա­ռաջ­նոր­դեց՝ վան­քի զան­գե­րու յաղ­թա­կան ղօ­ղանջ­նե­րով։ «Հրա­շա­փառ»ի եր­գե­ցո­ղու­թե­նէն վերջ Ս. Յով­հան­նէս Մկրտիչ պատ­մա­կան տա­ճա­րին մէջ միաս­նա­կան ա­ղօթք տե­ղի ու­նե­ցաւ Ար­ցախ աշ­խար­հի խա­ղա­ղու­թեան հա­մար։ Սաղ­մո­սեր­գու­թիւն­նե­րէ եւ ա­ղօթք­նե­րու ըն­թերց­մու­նե­րէն վերջ եր­կու կա­թո­ղի­կոս­նե­րուն Ար­ցախ այ­ցե­լու­թիւ­նը ող­ջու­նեց Տ. Պար­գեւ Արք. Մար­տի­րո­սեան։ Ան ը­սաւ, թէ Գան­ձա­սա­րի վան­քը, Ար­ցախ աշ­խար­հը կ՚ապ­րի ցնծու­թիւն։ Ար­դա­րեւ, հա­յոց կա­թո­ղի­կոս­նե­րը օր­հա­սա­կան պա­հով փու­թա­ցած են Ար­ցախ, Գան­ձա­սա­րի պատ­մա­կան վան­քը՝ գօ­տեպն­դե­լու հա­մար ժո­ղո­վուր­դը, իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը, զի­նուոր­ներն ու հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րը, որ­պէս­զի բո­լո­րը կա­րե­նան ի­րենց ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը շա­րու­նա­կել գօ­տեպն­դուած։

Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նոր­դի ող­ջոյ­նի խօս­քէն վերջ կա­թո­ղի­կոս­նե­րը փո­խան­ցե­ցին ի­րենց պատ­գա­մը։

Վեր­ջա­ւո­րու­թեան Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը եւ Կի­լի­կեան Ա­թո­ռի գա­հա­կա­լը շրջայց մը կա­տա­րե­ցին վան­քի տա­րած­քէն ներս, այ­ցե­լե­լով «Մես­րոպ Մաշ­տոց» մա­տե­նա­դա­րա­նը, «Գան­ձա­սար» գի­տամ­շա­կու­թա­յին կեդ­րո­նը, ուր ծա­նօ­թա­ցան Ար­ցա­խի զա­նա­զան գրչա­տու­նե­րուն մէջ ստեղ­ծուած ձե­ռա­գիր մա­տեան­նե­րուն, Ար­ցա­խի ու մա­նա­ւանդ Գան­ձա­սա­րի պատ­մու­թեան վե­րա­բե­րեալ հա­զուա­գիւտ ար­խի­ւա­յին փաս­տա­թուղ­թե­րու եւ հնա­տիպ գիր­քե­րու։

Շրջայ­ցէն վերջ եր­կու կա­թո­ղի­կոս­նե­րը ունկնդ­րե­ցին Վանք գիւ­ղի դպրո­ցի սա­նե­րուն եւ զի­նուոր­նե­րուն կող­մէ ներ­կա­յա­ցուած հայ­րե­նա­սի­րա­կան եր­գե­րուն ու աս­մուն­քին։ Կա­թո­ղի­կոս­նե­րը օրհ­նե­լով ներ­կայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը՝ ա­նոնց ըն­ծա­յե­ցին խա­չե­ր։

 

Հինգշաբթի, Ապրիլ 14, 2016