ԷԼԱԶԸՂԻ ՄԷՋ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ

Պատրիարքական Աթոռի տնօրինութեամբ, գաւառի տեսուչ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան անցեալ կիրակի հովուական այցելութիւն մը տուաւ Էլազըղ, ուր Երկրորդ Ծաղկազարդի առթիւ պատարագեց տեղւոյն գերեզմանատան Ս. Նշան մատրան մէջ։ Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ այցելութիւն տրուեցաւ գերեզմանատան շիրիմներուն։

Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան Էլազըղի եւ շրջակայքի հայոց հետ օր մը անցընելէ եւ անկեղծ մթնոլորտի մէջ շփուելէ վերջ վերադարձաւ Հաթայ։

Երեքշաբթի, Մայիս 14, 2024