ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԷՆ ՆՈՐ ԳԻՐՔ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութեան բաժինը լոյս ընծայեց Սարգիս Քէհեաեանի «Բարոյագիտութիւն» աշխատութիւնը։

Այս գիրքը փիլիսոփայական ակնարկներով համառօտ կը ներկայացնէ բարոյագիտական մտքի համապատկերը։ Երկը ունի հանրագիտարանային բնոյթ, որու շնորհիւ ընթերցողը կրնայ ընդհանուր պատկերացում մը կազմել բարոյագիտական մտքի զարգացման հիմնական փուլերու, նշանաւոր բարոյագէտներու ուսմունքներու, բարոյագիտական տեսութիւններու, բարոյագիտութեան ոլորտներու ու հիմնաւորումներու եւ բարոյագիտական հիմնական հասկացութիւններու մասին։

Գիրքը հրատարակուած է մեկենասութեամբ «Սարգիս Գաբրիէլեան» հիմնադրամի։

Շաբաթ, Յուլիս 14, 2018