ՅԱՏԿԱՆՇԱԿԱՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ռումանիոյ թեմը արդէն թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 620-ամեակի յոբելենական շրջանը։ Պատմական այս հանգրուանը արժեւորուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կազմակերպուած փայլուն հանդիսութիւնով մը՝ հովանաւորութեամբ ու նախագահութեամբ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին։

Մայրավանքի համալիրէն ներս, «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի հանդիսութիւններու սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս ձեռնարկը, որուն ներկայ գտնուեցան Ռումանիոյ Կրօնից նախարար Վիքթոր Օփասքի եւ Ռումէն Ուղղափառ եկեղեցւոյ Պատրիարքական փոխանորդ Վարլամ Եպսկ. Փլոյէսթանուլ։ Վեհափառ Հայրապետի կողքին էին բազմաթիւ բարձրաստիճան հոգեւոր հայրեր՝ ներառեալ Ռումանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Տաթեւ Եպսկ. Յակոբեան։

Նորին Սրբութիւնը դիտել տուաւ, որ Ռումանիոյ հայոց թեմի հռչակումով ու վաւերացումով վեց դար առաջ վկայուած հայ-ռումանական բարեկամութիւնը մեծ հարստութիւն է եւ այսօր ալ ամուր հիմք մըն է առաւել զօրացնելու համար երկու ժողովուրդներու եւ պետութիւններու յարաբերութիւնները։

Տեղի ունեցան յուշանուէրներու եւ պարգեւներու փոխանակումներ, իսկ յայտագրի շարունակութեան գործադրուեցաւ համերգային ծրագիր՝ Կոմիտաս Վարդապետի եւ Արմէն Տիգրանեանի ստեղծագործութիւններու կատարումով։

Միւս կողմէ, բացի այս հանդիսութենէն, Նորին Սրբութիւնը վեհարանի գահասրահին մէջ ալ առանձնապէս ընդունեց հիւր նախարարն ու պատրիարքական փոխանորդը, որոնց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ներկայութիւնը ողջունեց ջերմօրէն։

Հինգշաբթի, Յուլիս 14, 2022